Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ին, Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը մասնակցեցաւ Pro Oriente-ի երիտասարդ աստուածաբաններու ժողովին: Նկատի առնելով թագաժահր համավարակի պատճառով եւ միջազգային առողջապահական սահմանափակումները, ժողովը կայացաւ ZOOM առցանց հեռակապով: Ժողովին քննարկուեցաւ յառաջիկայ Մայիսին Վիէննայի մէջ կայանալիք Pro Oriente-ի ժողովին օրակարգն ու որոշուեցան զեկոյցներուն նիւթերը:
Միաժամանակ կազմուեցաւ յառաջիկայ Նոյեմբերի 23-27-ին Հռոմի մէջ կայանալիք «ժողովականութիւն Synodality» խորագրով միջազգային համաժողովին մասնակցութեան համար նախապատրաստող յանձնախումբ մը, որուն անդամ ընտրուեցաւ նաեւ Արմաշ Սրբազանը:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 7 Դեկտեմբեր 2021