ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Օսմանեան պետութեան մէջ հայերը 1894-1924 երկարող 30 տարուան ժամանակաշրջանին թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ ենթարկուած էին ամէնէն վայրագ վերաբերմունքին: 1894-1896-ի համիտեան ջարդերուն յաջորդեց 1909-ի Ատանայի ջարդը, ապա 1915-1918-ի Մեծ եղեռնը` հայասպանութիւնը եւ, հուսկ, 1919-1924` քեմալական ջարդերն ու հայութեան իր հողերէն վերջին բռնագաղթը, որ փաստացիօրէն 30 տարուան ընթացքին ընդհատումներով գործադրուած շարունակական ծրագրուած ցեղասպանութիւն էր հայոց դէմ թրքական զանազան վարչակարգերու իշխանութեան օրով:
19-րդ դարու կէսէն ետք օսմանեան պետութեան հայերը արթնցան եւ ազատութիւն պահանջելու մղում ունեցան: Սակայն հայութեան ձգտումները համեստ էին եւ կը սահմանափակուէին վարչական ինքնավարութեամբ, նման` Լեռնալիբանանի համար 1860-ականներուն հաստատուած վարչական կերպին: Քաջալերուած ռուս-թրքական 1877-1878 թուականներու պատերազմին ռուսերու յաղթանակով` հայերը կը փափաքէին թուրքերու հաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ձեռք բերել օսմանեան պետութեան մէջ: Սակայն իրենց մարդկային եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքներուն տիրանալու հայոց պահանջը բախեցաւ Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ հակամարտութեան կնճիռին: Գերմանացիներն ալ իրենց ժխտական դերը ունեցան եւ արգելք հանդիսացան հայոց իրաւունքներ տրուելուն: Թէ՛ անգլիացիք եւ թէ՛ գերմանացիք մտահոգուած էին հայոց միջոցով օսմանեան պետութեան մէջ ռուսական ազդեցութեան հաւանական աճին առաջքը առնելով: Այս մտահոգութեանց պատճառով Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16-րդ յօդուածը փոխարինուեցաւ Պերլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածով, որ հայոց իրաւունքներուն հանդէպ շատ ժլատ էր: Բոլոր պարագաներուն, օսմանեան պետութիւնը, Գերմանիոյ քաջալերանքով, բնաւ քայլ չառաւ Հայաստանի նահանգներուն մէջ բարենորոգումներու իր յանձնառութիւնները կատարելու ուղղութեամբ: Ընդհակառակը, թուրքերը ժխտական ուղի մը ընտրեցին եւ ծրագրեցին հայոցմէ ձերբազատիլ: Օսմանեան կառավարութեան ամէնէն ազդու զէնքն էր քիւրտ եւ թուրք յետադէմ ու մոլեռանդ զանգուածները հայոց դէմ հանելը: Ապտիւլ Համիտ Բ. թուրք եւ քիւրտ զանգուածները դիտումնաւոր կերպով տգէտ եւ վայրենի կը պահէր զանոնք հայոց դէմ գործածելու նպատակով: Սուլթանին հրամանով տեղի ունեցան 1895-1896-ի հայոց կոտորածները: Միջազգային քննիչ յանձնախումբ մը հաստատեց ջարդերուն իշխանութեանց մեղսակցութիւնը, սակայն բուն ոճրագործը` Կարմիր սուլթանը, անպատիժ մնաց:
1908-ի յուլիսին օսմանեան բանակին մէկ մասը Սելանիկէն Կոստանդնուպոլսոյ վրայ քալեց: Այդ պահուն խորամանկ Ապտիւլ Համիտը սահմանադրութիւնը վերահռչակեց: Այս մասին լիբանանցի պատմաբան Մուսա Փրենս կը գրէ. «Ապտիւլ Համիտի վարչակարգը անհանդուրժելի դարձած էր մինչեւ իսկ թուրք հայրենասէրներու կարգ մը շրջանակներու, որոնք յստակօրէն կը նկատէին, թէ կայսրութիւնը դէպի փլուզում կ’երթար» (էջ 37) [տեսնել Մուսա Փրենսի «Չպատժուած ցեղասպանութիւն մը – հայասպանութիւնը» (Un génocide impuni – L’Arménocide գիրքի յառաջաբանին ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը), հրատարակութիւն` Հայ դատի յանձնախումբի, Պէյրութ, 1969, փոքր չափի 126 էջ]:
Սահմանադրութեան վերահռչակումին, Կ. Պոլսոյ փողոցներուն մէջ հայեր, թուրքեր յոյներ եւ հրեաներ ողջագուրուեցան` ողջունելով այնքան սպասուած ազատութիւնը:
Երիտթուրքերու յեղաշրջման եւ իշխանափոխութեան հանդէպ հայոց կեցուածքին մասին Մուսա Փրենս հետեւեալը կը գրէ. «Հայերը միամտօրէն ու քիչ մըն ալ իրենց ազատ որմնադիր «ղեկավարներուն» պատճառով հաւատացին, որ սահմանադրական Թուրքիոյ ազատական մթնոլորտին շնորհիւ` բարենորոգումները պիտի կիրարկուին հայկական նահանգներուն մէջ: Երիտթուրքերու վարչակարգին օրով նման բան տեղի չունեցաւ: Ընդհակառակը, ցեղասպանութեան ծրագիրը վերասլաց ուղղութեան մը հետեւեցաւ» (էջ 37):
Երիտթուրքերը չկրցան յեղափոխութեան եւ ազատութեան գաղափարներուն տէր կանգնիլ ու քաջալերեցին մոլեռանդութիւնը: Շնորհիւ օսմանեան բանակի յետադիմական ուժերուն` անոնք իշխանութեան տիրացան: Հայոց հանդէպ իրենց առաջին գործը եղաւ Ատանայի եւ համայն Կիլիկիոյ կոտորածները 1909-ին, որոնց մօտաւորապէս երեսուն հազար հայեր զոհ գացին: Այդուհանդերձ, հայոց մեծ մասը միամտաբար կապուած մնաց իտէալական սահմանադրութեան մը պատրանքին, որուն հռչակման համար մեծ ճիգ թափած էին: Հայերը կը շարունակէին թափ տալ իրենց մշակութային եւ տնտեսական վերելքին` թուրքին սուր նախանձը գրգռելով: Բարենորոգումներ կատարելու հայոց տրուած խոստումները չգործադրուեցան:
Երիտթուրքերու բարենորոգումներու խոստումէն ետք թրքական ոտնձգութիւնները նոյն ձեւով շարունակուեցան հայոց դէմ: Մուսա Փրենս կը գրէ. «Թուրք պաշտօնեաները եւ քրտական ցեղախումբերը շարունակեցին իրենց չարաշահութիւնները եւ աւազակութիւնները: Կառավարութիւնը քաջալերեց Պալքաններէն փախած թուրք գաղթականներու հաստատումը Հայաստանի մէջ` այդ հողերուն ազգային դիմագիծը աստիճանաբար փոխելու ակներեւ նպատակով» (էջ 39):
Լիբանանահայ պատմաբան Լեւոն Վարդան իր հեղինակած «Թուրքը խօսի» (տպարան Շիրակ, 1975, Պէյրութ, 140 էջ) ուսումնասիրութեան մէջ կը մէջբերէ 1917-ի սեպտեմբերին տեղի ունեցած երիտթուրքերու կուսակցական համաժողովին Թալէաթի ներկայացուցած տեղեկագիրէն հատուած մը, որ կ՛ըսէ. «1916-էն ի վեր վտանգաւոր մտատանջութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, մեր կարգ մը նպատակներուն համար լռութեամբ գործը առաջ տարինք, մեր տարեկան ծրագիրը գործադրեցինք եւ երկիրը նպաստաւոր վիճակի մէջ դրինք» (էջ 16): Լեւոն Վարդան կ՛ըսէ, որ Թալէաթ կ՛ակնարկէր հայերէ պարպուած շրջանները թուրք եւ մահմետական գաղթականներով տեղաւորելու հարցին: Արդէն թուրքերը հայոց բռնագաղթերը «յաջողութեամբ» աւարտած էին:
Օսմանեան բանակի հայ զինուորներուն զինաթափումն ու ապա անոնց բնաջնջումը ծրագրուած էր նախապէս: Հայ զինուորներու պարկեշտութեան ու ճշմարիտ հայրենասիրութեան մասին Էնվերի իբր թէ գնահատական խօսքերը ոչ մէկ օգուտ ունեցան, քանի որ իրականութիւնը ուրիշ էր, կեղծաւոր երիտթուրքերը կը շարունակէին Ապտիւլ Համիտի ոճրային քաղաքականութիւնը հայոց դէմ: Անոնք իրենց մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Զէյթունն ու ընդհանրապէս Կիլիկիան: Այս անգամ միայն շատ քիչ վայրերու մէջ դիմադրութիւն արձանագրուեցաւ, որովհետեւ հայ հոգեւոր պետերը ժողովուրդին կոչ ուղղեցին կառավարութեան դէմ հանդէս չգալ:
Թէ ինչպէ՛ս երիտթրքական փայլուն, բայց սուտ խոստումները, հաւասարութեան նկատմամբ, ջուրը ինկան, եւ Մեծ եղեռնը տեղի ունեցաւ, տեսնենք, թէ Թալէաթ ի՛նչ կը խոստովանի 1910-ի օգոստոսին կայացած երիտթուրքերու` Սելանիկի համագումարին մէջ. «Սահմանադրական տրամադրութիւններով մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ հաւասարութիւն հաստատուեցաւ, բայց… այս մէկը անիրականանալի իտէալ մըն է… Քրիստոնեան օրինական օսմանցի մը դարձնելու անյաջող փորձեր կատարած ենք, եւ այսպիսի փորձեր անխուսափելի կերպով պիտի ձախողին… ուրեմն հաւասարութեան ոչ մէկ հարց կրնայ ըլլալ… մինչեւ որ յաջողած չըլլանք կայսրութիւնը օսմանցիականացնելու մեր գործին մէջ» (էջ 14, Լեւոն Վարդան):
Գերմանացիները լաւ ուսումնասիրած էին հայոց դէմ երիտթուրքերուն ի գործ դրած վայրագ միջոցառումները: Անոնք սերտօրէն գործակցեցան Մուսթաֆա Քեմալի հետ, քաջալերեցին զայն եւ անոր թելադրեցին նոյն ձեւով վարուիլ հայոց հետ, որպէսզի այս անգամ ալ հայերը փրկութիւն չգտնեն: Իր կարգին, ֆրանսական կառավարութիւնը, դաւաճանելով ի՛ր իսկ ժողովուրդին, դրժեց հայոց տուած իր խոստումները եւ զանոնք թշուառ վիճակի մատնեց Մարաշի, Հաճընի եւ այլ վայրերու մէջ, մինչեւ որ Մուսթաֆա Քեմալ յաջողեցաւ հայերը Կիլիկիայէն եւ Հայաստանէն վտարել: Ըստ Մուսա Փրենսի, Մուսթաֆա Քեմալ յաւակնութիւն ունեցաւ լրբօրէն ըսելու, որ ինք հայերու եւ յոյներու դէմ «ազգային սրբազան պատերազմ» մղած էր հայրենիքը փրկելու համար: Միւս կողմէ` ան ուրիշ առիթով մը Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին երիտթուրքերու` հայեր սպաննելու արարքը «ամօթալի» սեպեց: Սակայն «Մուսթաֆա Քեմալի համար թուրքերու առաջին թշնամին հայերն էին… Երբ անոր ուժերը Զմիւռնիան գրաւեցին, առաջին հերթին հազարաւոր հայեր կոտորեցին` նախքան յոյներուն դպչիլը, որոնք իրենց նահանջի ընթացքին հազարաւոր թուրքեր սպաննած էին քաղաքին արուարձաններուն մէջ», [տեսնել Պենի Մորիսի եւ Տրոր Զիվիի համահեղինակած «Երեսուն տարիներու ցեղասպանութիւնը – Թուրքիոյ բնաջնջելը իր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, 1894-1924» անգլերէն աշխատութիւնը, էջ 4-5, (The Thirty-Year Genocide, Turkey’s Destruction of Its Christian Minorities 1894-1924, Harvard University Press, USA, 2019, 656 pages)]:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասական վերլուծութիւնները հայոց կոտորածները կը դասեն երեք անջատ ժամանակաշրջաններու եւ տարբեր քաղաքականութեանց ծիրերու տակ: Համահեղինակներ Պենի Մորիս եւ Տրոր Զիվի կ՛ըսեն. «Սխալ է այս երեք ժամանակաշրջանները անջատաբար ուսումնասիրել: Այս մօտեցումը հայոց դէմ թուրքերու ունեցած դիտաւորութիւնն ու զայն գործադրելու իրականութիւնը կը մթագնէ ու թիւրիմացութեան դուռ կը բանայ: 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1924 կատարուած ոճիրները մէկ են, մէկ մտադրութեամբ, մէկ նպատակով եւ զանազան պատճառներով» (էջ 4): Պարզապէս ոճիրներու հեղինակ թուրքերը երեք ժամանակաշրջաններուն տարբեր պայմաններու տակ, տարբեր մթնոլորտի մէջ կատարեցին նոյն բանը` բնաջնջել հայութիւնը: Հայերը հիմնական զոհերն էին թրքական ոճիրներուն` թուաքանակի չափանիշով դիտուած:
Վստահօրէն, ուրեմն, հայոց կոտորածներուն մասին կրնանք եզրակացնել հետեւեալը. հայոց կոտորածները` երեսուն տարիներու եղեռնը սկսաւ 1890-ականներուն սկիզբը եւ երկարեցաւ մինչեւ 1924: Այս եղեռնի հեղինակ ոճրագործը թուրք վերնախաւն է, որ իր նկարագրով անփոփոխ կը մնայ մինչեւ օրս: Լեւոն Վարդան այս երեւոյթին մասին կ՛ըսէ. «Օսմանեան կայսրութիւնը գնաց հեղեղի, եւ անոր փոխարէն` կանգնեցաւ պետութիւն մը, որ կանչեց ու ձայն տուաւ աշխարհին, թէ ինք տարբեր էր նախկինէն… ֆեսը փոխեց գլխարկի, զգեստը արեւմտականացաւ, լեզուն «մաքրեց» եւ «զտեց»… սակայն գրադարաններէն անհետացան Լեփսիուսի, Մորկընթաուի, Թոյնպիի, Ֆրանց Վերֆելի եւ ուրիշներու գործերը… Իրա՛ւ էր, որ բան մը փոխուելու սկսած էր Վոսփորի ափերուն: Այդ` հին յարձակողականը նոր ձեւով ընելու կերպն էր լոկ: Նոյնն էին մարդերը Վոսփորին, նոյնն էր անոնց եսը, նոյնն էր անոնց հոգին, նոյնն էր անոնց գլուխը» (էջ 4):
Տեղին է շեշտել, որ 1890-էն մինչեւ 1923 շարունակական կոտորածներու ենթարկուեցաւ հայութիւնը: Նախճիրներուն միջեւ երկարող ժամանակաշրջաններու ընթացքին թէեւ հաւաքական կոտորածներ տեղի չունեցան, սակայն հայը ենթարկուեցաւ` խտրութեան, բռնութեան, կողոպուտի, անհատական կեղեքումի, առեւանգումի եւ սպանութեան: Հանդարտութիւնը զգուշաւոր եւ յարաբերական էր, ոճիրները անդադար շարունակուեցան: Հետեւաբար այս իրականութիւնը նկատի ունենալով` պէտք է միշտ շեշտուի հայասպանութեան ցեղասպանական բնոյթը, զոր կ՛ուրանայ Թուրքիան, բան մը, որ չի կրնար յաւիտեան այդպէս շարունակել:
Պէյրութ