ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ազգովին կ՛ապրինք վերջին հարիւր տարիներու մեր պատմութեան ամէնէն տխուր, ամէնէն յուսալքիչ եւ գոյութենական իմաստով՝ ամէնէն վտանգաւոր մէկ շրջանը։
Արցախը հայաթափուած է գրեթէ, Արցախը ոտքի կոխան է թուրքին եւ ազերիին։ Ու կը թուի՝ անդառնալիօրէն։
Արդէն յայտնի է բոլորին, թէ ի՛նչ «ապուր» եփուեցաւ անցնող շաբաթներու (թերեւս՝ ամիսներու) երկայնքին՝ Պաքու-Անգարա-Մոսկուա եռանկիւնին վրայ՝ Նոյեմբեր 10-ի ահաւոր դաւադրութիւնը Հայաստանի պարտադրելու համար։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ցնծութեան մէջ են։
Մօտ ժամ մը առաջ (12.11.2020), Թուրքիոյ պետական ԹԷ-ՐԷ-ԹԷ պատկերասփիւռի կայանին արաբերէն բաժնէն լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն։ Երեք մասնակիցներ վերլուծեցին իրավիճակը ու պարզեցին Թուրքիոյ տեսակէտները, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տային, թէ դիւանագիտական եւ ռազմական ինչպիսի՜ երկարատեւ ու հետեւողական ճիգեր թափեր էր Թուրքիան՝ Արցախը կուլ տալու համար…։ Իմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ պատկերասփիւռէն կատարուած հաստատումներէն փունջ մը.
-Այս յաղթանակին մէջ Թուրքիոյ դերը ուղղակի առանցքային եղաւ։ Մե՛նք է որ մարզեցինք ազերի բանակը, մե՛նք է որ արդի սարքերով զինեցինք զայն։ Ասիկա գաղտնի պահելու պէտքը չենք զգար այլեւս։
-Ատրպէյճանի տարած այս փառաւոր յաղթանակին մէջ՝ կրնանք ըսել որ ազերիներու կողքին կեցաւ նաեւ նախագահ Փութին։ Շնորհակալ ենք իր արդարամիտ կեցուածքին համար։
-Քանի մը օր ետք՝ Աղտամի շրջանէն ընդմիշտ պիտի հեռանան հայ գրաւեալ ուժերը, ըստ Նոյ. 10-ի համաձայնագրին։ Շուտով 150 հազար նախկին աղտամցիներ պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը ու այդպիսով՝ շրջանը պիտի վերստանայ իր ազերիական հարազատ դիմագիծը։
-Նախիջեւանը այլեւս լա՜յն շունչ պիտի առնէ։ Թուրքիա Կարսի ու Նախիջեւանի վրայով այսուհետեւ ցամաքային կապ ու կամուրջ պիտի ունենայ եղբայր Ատրպէյճանի հետ։ Այս կենսական միջանցքով՝ մեր առջեւ բացուած պիտի ըլլայ Կեդրոնական Ասիոյ թրքացեղ երկիրներու կարօտի ճամբան… ։
-Եթէ Հայաստան փորձէ չգործադրել ստորագրուած համաձայնագիրը, շա՛տ ծանր հարուած մը պիտի տրուի անոր գլխուն՝ ռուս-թուրք միացեալ բռունցքով։ Այս մասին թող կասկած չունենան։
-Վաղը՝ Ուրբաթ օր, ռուս զինուորական բազմանդամ պատուիրակութիւն մը Անգարա պիտի ժամանէ՝ մեզի հետ միասնաբար քննարկելու համար Նոյ. 10-ի համաձայնագրին անշեղ գործադրութեան մանրամասնութիւնները։ Արդէն երէկ մեր երկու բարեկամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին յուշագիր մը (համացանցային հանդիպումով), որով՝ Թուրքիա դիտորդական միացեալ մարմին մը կը կազմէ Ռուսիոյ հետ՝ Ղարաբաղի ապահովական կացութիւնը վերահսկելու համար։ Մեզի պիտի արտօնուի ունենալ անօդաչու օդանաւեր՝ հայերու ապօրինի հաւանական շարժումները սանձելու համար…։
-Փաշինեան ամենայն հաւանականութեամբ պիտի հեռանայ իր աթոռէն։ Հայկական նոր կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ «հովանաւորեալ» իշխանութիւն մը…։
-Ղարաբաղը պիտի վերաշինուի թուրք գործարարներու կողմէ։ Լուրջ ծրագրեր մշակած ենք այս առնչութեամբ։ Ի հարկէ՝ ղարաբաղցի հայերո՛ւն ալ պիտի արտօնուի գալ ու ապրիլ այնտեղ՝ իբրեւ Ատրպէյճանի լիիրաւ քաղաքացի։ Անոնք պիտի տեսնեն, թէ ազերի պետութեան հովանիին տակ՝ շա՛տ աւելի հանգստաւէտ եւ ուրախ պիտի զգան իրենք զիրենք, քան Երեւանի շուքին տակ…։
*
Չեմ շարունակեր իմ մէջբերումները։
Հայկական դիւանագիտութիւնը կամ նոյնիսկ՝ հայ հանրութիւնը, դասեր ունի՞ քաղելիք այս բոլորէն, բոլո՛ր պատահածներէն ու բոլո՛ր պատահելիքներէն…։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ