Մինչ վարչապետարանին մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ նախարարաց խորհուրդը այս շաբաթ եւս պիտի չկարենայ ժողով գումարել, երէկ կէսօրին Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզի գործադուլն ու նստացոյցերը պիտի կատարուին հինգշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2021-ին, որովհետեւ կառավարութիւնը յանձնառու չմնաց համադաշնակցութեան հետ իր համաձայնութեան գործադրութեան:
Իրենց կարգին, պետական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող տարրական բաժանմունքի ուսուցիչները, որոնք պայմանագիրներու հիման վրայ կը գործեն, երեկոյեան յայտարարեցին, որ իրենց ընդհանուր դասադուլը պիտի սկսի այսօրուընէ սկսեալ` նկատի ունենալով, որ կրթութեան նախարարին կողմէ իրենց տրուած խոստումը` դասաւանդումի համար կատարուած վճարումը կրկնապատկելու, չէ գործադրուած:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան գործադրութիւնը կ՛արգելակեն որոշ խոչընդոտներ:
Նշենք, որ կէսօրին վարչապետ Միքաթի նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան սահմանային հարցերը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստեղծուած խնդիրները:
Նիստէն ետք, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ գործնական ամէն քայլ պիտի առնուի` կանխարգիլելու հաւանական այն վտանգները, որոնք կը սպառնան արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն:
Ան շեշտեց, որ բոլորէն կը պահանջուի սահմանային ապօրինի անցքերուն ընդմէջէն մաքսանենգումը զսպել եւ այդ շրջաններուն մէջ հսկողութիւնը խստացնել:
«Մաքսանենգումը պէտք է կասեցնենք եւ այս իմաստով մեր կատարած բացայայտումները պիտի հրապարակենք», ըսաւ Մաուլաուի: