Ցամաքային փոխադրութեան մարզին ու Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ճամբաները փակելու հոլովոյթ մը, որ սակայն բնաւ ցասումի օրուան ազդեցութիւնը չունէր:
Երէկուան պատահածը ցասումի լիբանանեան տարբերակ մըն էր, որ համազօր էր տնտեսական ահաւոր տագնապին եւ խեղդող սղաճին նկատմամբ արձանագրուած ժողովրդային լռութեան:
Ցամաքային փոխադրութեան մարզը առաւօտեան կանուխ ժամերէն փակեց Քարանթինայի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Ռինկի կամուրջը, Տորայի մայրուղին եւ որոշ ատեն նաեւ ծովային ճամբան, Մքալլեսի հրապարակը, Նահըր Քալպի մայրուղին` արեւմտեան ուղղութեամբ, Ապտէի հրապարակը, քուէյթեան դեսպանատան ճամբան, Զահրանի-Սուր մայրուղին, Սայտայի Նըժմէ հրապարակը, Զահլէ-Ֆըրզոլ մայրուղին, Տահըր Պայտարը` երկու ուղղութեամբ, Պշարա Խուրի – Պէյրութ խաչմերուկը, Սարպայի մայրուղին` արեւմտեան ուղղութեամբ, Վերտանը, Թարշիշի Թուիթի խաչմերուկը, Պհամտունը, Ալէյի, Արամուն-Պշամունի եւ Խալտէի հրապարակները, Նաամէի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Այս ճամբաները որոշ ժամանակի համար մնացին փակ եւ մերթ ընդ մերթ վերաբացուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Մինչեւ կէսօր երկրին գրեթէ բոլոր ճամբաները արդէն իսկ վերաբացուած էին:
Համրայի մէջ կարգ մը ցուցարարներ բռնի ուժով փակել տուին «Օ. Էմ. Թի.»-ի կարգ մը գրասենեակներ:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար անձամբ միացաւ Տորայի մէջ ճամբան փակող ցուցարարներուն եւ վարորդներուն: Ան խստիւ քննադատեց ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումը եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին մասնակցելու ցոյցին ու փողոց իջնելու` բողոքելու համար տոլարի սակին բարձրացումը ապահովող սեւ ձեռքերուն դէմ:
Վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան, ինչպէս նաեւ վառելանիւթ ցրուող ընկերութիւններուն մերժողական կեցուածքը սկսած է յայտարարուիլ այսօր:
Ան նշեց, որ այսօր ցասումի օր է, որուն ընթացքին իրենք փողոց իջած են, որպէսզի պատասխանատուները զգան իրենց ցաւը:
Ապու Շաքրա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան ճամբաները փակելու հոլովոյթին եւ գործադուլին` կոչ ուղղելով պահպանելու գործադուլին խաղաղ բնոյթը:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: