Քաղաքացիական շարժումին կողմէ նախանցեալ երեկոյեան աւելի լուրջ թափով ուղղուած կոչերը` երկուշաբթին վերածելու «ցասումի օրուան» եւ կեդրոնանալու մայրաքաղաքի ճամբաները փակելով, հաւանաբար մղեցին, որ Պէյրութի մէջ գործող դպրոցներու պարագային տնօրէններ մտածեն վարժարանները փակելու մասին:
Սակայն գետնի վրայ փոքրաթիւ գործիչներ եւ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ քանի մը տասնեակ երիտասարդներ փորձեցին փակել ճամբաները եւ ցասումի մթնոլորտ ստեղծել` առանց հասնելու իրենց նպատակին, որն էր բազմամարդ ցոյցերու կազմակերպումը` իբրեւ բողոք երկրին մէջ տիրող ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական ահռելի կացութեան, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին, սղաճին ու ապրուստը ապահովելու դժուարութեան դէմ:
Հետեւաբար «ցասումի օր»-ը համեմատաբար խաղաղ էր եւ գրեթէ սովորական:
Հրկիզուած անիւներով փակուած ճամբաները ներառեցին Համրայի փողոցը` Ապտել Ազիզ խաչմերուկին մօտ, Վերտանը` Սոլհ-Քարամէ խաչմերուկին մօտ:
Փակուեցաւ նաեւ Քորնիշ Մազրաան եւ Քասքասը, ուր ցուցարարները գետինը ձէթ թափեցին` արգիլելու համար ինքնաշարժներուն երթեւեկը:
Փակուեցան նաեւ Պէյրութի բոլոր մուտքերը, Ամին մզկիթին մուտքը, Քոլա-Սաէպ Սալամ փողոցը եւ Արաբական համալսարանի մուտքը:
Ցուցարարներ փակեցին Ճիւնիի սերային մուտքը, Զուքի մայրուղին, Շեքքայի եւ Մընիէի մայրուղիները` երկու ուղղութեամբ, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Պըտտաուիի մայրուղին, Թաալպայայի մայր ճամբան` երկու ուղղութեամբ, Մարժը եւ Քապ Էլիասը:
Սայտայի մայր պողոտան, ինչպէս նաեւ Ժիէի մայրուղին եւս փակուեցան հրկիզուած անիւներով:
Նշենք, որ ճամբաներն ու մայրուղիները փակելու իւրաքանչիւր փորձէ ետք լիբանանեան բանակը փորձեց վերաբանալ ճամբաները` դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն երթեւեկը:
Մինչեւ կէսօր բոլոր ճամբաները արդէն իսկ վերաբացուած էին:
Ցուցարարները իրենց ծրագրած բողոքի ցոյցի օրը աւարտեցին Թարիք Ժտիտէէն սկիզբ առած քայլերթով մը եւ Պէյրութի փողոցներուն մէջ սփռեցին յեղափոխական եւ ազգային երգեր, տնտեսական տագնապին եւ տիրող կացութեան դէմ կանչեր արձակեցին` պահանջելով հաշուետուութեան կանչել փտածները, որոնք Լիբանանը ենթարկած են հսկայ աղէտի մը: Անոնք քննադատեցին նաեւ պատասխանատուներուն անտարբերութիւնը` ժողովուրդը սովի մատնելու եւ երկրին քայքայումին դիմաց:
Ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենց շարժումները պիտի շարունակեն` հասնելով քաղաքացիական անհնազանդութեան փուլին: