Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ- թիւ 10
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 155
Օսմանեան Պետութիւնը թուրքերու եւ քիւրտերու ձեռքով Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ եւ մասնաւորաբար՝ Սասունի ու Մուշի հայերը կը կոտորէր եւ մնացեալ ժողովուրդը տեղահան կ՛ընէր իրենց տուներէն, իսկ հայ ազատամարտիկները հայդուկապետ Անդրանիկի առաջնորդութեամբ Սասունի լեռներուն վրայ անհաւասար զինեալ պայքար կը մղէին թուրք եւ քիւրտ վոհմակներուն դէմ: Իր ծանր զէնքերով հանդերձ անկարող՝ ազատութեան պայքար մղող թեթեւ զէնքերով զինուած հայոց դէմ կենալու, օսմանեան իշխանութիւնն ու բանակը անզէն հայերը կը ճնշէին յարատեւ, զանոնք սպաննելով, անոնց տուները կրակի տալով եւ գիւղերը աւերելով: Եգիպտական արաբատառ «Ալ Ասր Ալ Ժատիտ» թերթը իր (թիւ 19) 4 Նոյեմբեր 1904-ի թիւով կ՛անդրադառնայ այս հարցին՝ «Հայկական Ջարդերը- Սասունէ Ետք Մուշի Կործանումը» խորագրեալ յօդուածին մէջ» (էջ 461-465, Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի կազմած ու հրատարակած արաբերէն լեզուով «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908 Հայերը Եւ Երիտասարդ Թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյ): Յօդուածագիրը կ՛ըսէ. «Քիւրտերը հայոց դէմ ի գործ դրին սարսափելի ոճիրներ, որոնք պատմութեան մէջ նմանը չունին: Մշոյ Դաշտը անմեղ արիւնով յորդեցաւ: Սասունի ձորէն արիւնը գետերու պէս հոսեցաւ: Կոյս աղջիկներ, մանուկներ եւ կիներ Մուշի փողոցներուն մէջ հոս ու հոն կը վազեն, մերկ ու բոպիկ, կորսնցուցած իրենց ապաստարանները, անօթի ու ծարաւ վիճակի մէջ: Անմեղ այս հայերը կը բացագանչեն իրենց չար բախտն ու իրենց ծնած սեւ օրը անիծելով: Անոնք իրենց ձեռքերը վեր կը բարձրացնեն Աստուծմէ օգնութիւն աղերսելով եւ իրենց բռնատէր իշխանութեան դէմ բողոքելով… Հայոց գլխուն եկած ոճրային սարսափելի արարքները մղեցին հայ քաջերը զէնք բարձրացնելու եւ ուխտեցին կռուելով մեռնիլ…»:
Հայդուկապետ Անդրանիկի ղեկավարութեամբ այս քաջերու պայքարը սարսափեցուց ոչ միայն սուլթան Համիտը, այլ նաեւ Ռուսիոյ ցարական ղեկավարութիւնը, որ ծրագրեց թրքատիպ ձեւով վարուիլ հայոց հետ 20-րդ դարու առաջին քանի մը տարիներուն: Նախ ռուսական իշխանութիւնները բռնագրաւեցին Հայ Եկեղեցւոյ ինչքերն ու ստացուածքները, արգիլելու համար հայկական կազմակերպութիւններու բարոյական ու նիւթական նպաստը՝ արեւմտահայոց ազատագրագրական պայքարը զինելու ուղղութեամբ: Ռուսերը նոյն սոսկումով կը դիտէին հայոց շարժումները, ինչպէս օսմանցի թուրքերն ու քիւրտերը: Ցարական ընտանիքը հայ ժողովուրդին մէջ կը տեսնէր ազատատենչ ու հայրենասէր մարդը, որ պատրաստ էր ամէն ինչ զոհելու իր հայրենիքին ազատութեան համար: Նախապէս այս հարցին անդրադառձած էինք առանձին յօդուածով մը՝ «Ցարական Ռուսիոյ Եւ Հայոց Եկեղեցւոյ Ինչքերու Գրաւման Տագնապին Արծարծումը Եգիպտական Մամուլին Մէջ» (Պայքար Շաբաթաթերթ-թիւ 149, Նոյեմբեր 17, 2019) խորագիրով, որուն մէջ մանրամասնօրէն բացատրուած են այդ անցուդարձերն ու անոնց պատճառները:
Վերոյիշեալ իրողութիւններու լոյսին տակ ցարական Ռուսիա ձեռնարկեց դժոխային ծրագիրի մը գործադրման: Ռուսական բանակի գաղտնի սպասարկութեան լրտես չինովնիկները (պետական պաշտօնեաները, Յ.Ի.) սկսան մութին մէջ փսփսալ թաթար աշիրէթներու ղեկավարներու ականջներուն եւ հրահրեցին զանոնք հայոց դէմ յարձակելու եւ վնասելու անոնց: Ցարական իշխանութիւնը զէնք բաժնեց թաթարներուն եւ խոստացաւ զանոնք անպարտ յայտարարել հաւանական հետապնդման եւ պատիժի պարագային: Մութին մէջ իրագործուիլ սկսած ռուսական ծրագիրը ընթացք առաւ նախ Էլիզավեթպոլի (Elizavetbol, ներկայիս Gianja, հայկական Գանձակ քաղաքը, այժմ վարչականօրէն Ազրպէյճանի կազմի մէջ- Յ. Ի.), Թիֆլիսի, [Նախիջեւանի- Յ.Ի.], Շուշիի եւ Պաքուի մէջ, ուր հայոց դէմ ի գործ դրուեցաւ Կովկասի մեծագոյն կոտորածը: Ապա այս ջարդերը տարածուեցան նաեւ Երեւանի ու այլ զանազան քաղաքներ եւ գիւղեր Կովկասի տարածքին 1905-1907:
Կովկասի հայոց ջարդերուն մասին առաջին արձագանգողներէն եղած է եգիպտական «Ալ Ալամ Ալ Իսլամի» թերթը իր (թիւ 1) 5 Յունուար 1905-ի թիւով, որուն «Իրարանցում Կովկասի Մէջ (Իսլամներն Ու Հայերը)» (էջ 468-474) խորագրեալ յօդուածը բաւական մանրամասն կը նկարագրէ այդ եղելութիւնները: Հոն կ՛ըսուի. «Ուրբաթ 1 Դեկտեմբեր 1904-ին մեծ թիւով թաթարներ Էլիզավէթպոլ քաղաքը մտան եւ իրենց կրօնակիցներու ընկերակցութեամբ հայոց վրայ յարձակում գործեցին: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան թաթարներու [նախայարձակ- Յ. Ի.] եւ հայոց միջեւ, որոնք փոքրաթիւ ըլլալով հաւաքուեցան երկաթուղագիծի կայարանը, որ թաթարները փորձեցին փակել բայց չյաջողեցան… Այս յարձակման ընթացքին սպաննուեցան 80 հոգիներ, 200 վաճառատուներ կողոպտուեցան եւ 60 բնակարաններ կրակի տրուեցան: Այս դէպքին հետեւանքով Թիֆլիսի հայոց եւ թաթարներուն միջեւ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ… Կովկասի կառավարիչ փոխարքայ Վորոնցով Տաշքով, տկար անհատականութեան տէր մարդ մը՝ չկրցաւ փարատել լարուած մթնոլորտը եւ բախումներ տեղի ունեցան երկու կողմերու միջեւ: Տասը թաթարներ ու քանի մը հայեր սպաննուեցան»: Յաջորդող օրերուն շարունակուեցան թաթարներու յարձակումները հայոց վրայ: Ռուսական իշխանութիւնը ոչ միայն աչք կը գոցէր թաթարներու ոճիրներուն այլ նաեւ անոնց զէնքեր կը բաշխէր:
«Ալ Ասր Ալ Ժատիտ» եգիպտական օրաթերթի 9 Ապրիլ 1905-ի թիւ 36-ի մէջ «Իսլամները Եւ Հայերը» խորագրեալ յօդուած մը լոյս տեսած է (էջ 490-493), որ մանրամասնօրէն կը տեղեկագրէ Կովկասի մէջ հայոց դէմ թաթարներու յարձակումներու դէպքերը, որոնց առաջինը հետեւեալն է. «19 Փետրուար 1905-ին անծանօթներ սպաննեցին Կովկասի մեծահարուստ իսլամներէն Ալթարազի Պապայահօ անունով մէկը, որ թաթարներու ղեկավարներէն էր: Անոր աշիրաթը շատ հարուստ էր: Երբ աշիրաթի անդամները անոր դիակը տեսան, անմիջապէս բացագանչեցին թէ սպաննողը հայ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ քանի մը օրերէ ի վեր տարաձայնութիւններ կը շրջէին, թէ հայերը զէնք կը գնէին իսլամները փճացնելու նպատակով: Ուստի թաթարները իբր վրէժ հայ աշակերտ մը կը սպաննեն: Դէպքէն քանի մը ժամ ետք հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուին շուկայէն, ուր ականատես վկաներ կ՛ըսեն թէ բազմաթիւ անձեր գետին կը փռուին: Այդ օրը մինչեւ իրիկուն թաթարներն ու հայերը կը զինուին եւ կռիւի կը պատրաստուին… Գիշերը թաթարները Պապաճանօ (Պապաճանո՞վ- Յ.Ի.) անունով ականաւոր հայու մը տունը կը կը պաշարեն: Պաշարողներուն եւ ներսի հայերուն միջեւ հրացանաձգութիւն կը սկսի: Երբ տունը պաշարող թաթարներէն մէկը կը զարնուի, միւսները տակառ մը նաւթ կը թափեն տունին վրայ ու կրակի կու տան: Մինչեւ առտու հրդեհուող շէնքէն կանգուն կը մնայ միայն գետնայարկը, ուր 9 հայեր կը գտնուէին սնտուկներու տակ պահուըտած: Թաթարները զանոնք կ՛առաջնորդէն տունին պարտէզը եւ ցանկապատին տակ ոչխարներու պէս կը մորթեն»: Լրատու աղբիւրը վերոյիշեալ դէպքին նկարագրութեան մէջ կը շեշտեն թէ Ալթարազի Պապայահոն սպաննողները անծանօթներ էին: Հաւանաբար ռուսերն են որ սպաննած էին զայն, եւ տարաձայնած որ հայերն են ոճիրին հեղինակները: Յօդուածագիրը սոյն տեղեկութիւններու նկարագրութեան աւարտին կ՛եզրակացնէ հետեւեալը. «Իրաւաբան մը հայոց կոտորածներուն մասին կ՛ըսէ թէ Կ. Պոլսոյ մէջ իշխող թուրքերուն զգեստը քաղաքին եւ Հայաստանի մէջ մորթուած հայոց արիւնին թաթխուած է, իսկ Ռուսիոյ մէջ Կովկասի վրայ իշխողները հայոց արիւնով ներկուած զգեստներ կը հագնին…»:
Եգիպտական «Ալ Ասր Ալ Ժատիտ» թերթը իր 16 Ապրիլ 1905-ի թիւ 37-ի մէջ կը բացատրէ հայոց եւ ռուսերու յարաբերութիւնները 20-րդ դարու սկիզբը՝ «Ռուսերը Եւ Հայերը» խորագրեալ յօդուածով (էջ 496-500): Ան կ՛ըսէ թէ երկու կողմերուն՝ իշխողին եւ ենթարկուողին միջեւ սուր պայքար գոյութիւն ունի: Հայկական յեղափոխութիւնը սկսած է Ռուսիոյ մէջ եւ հայերը կը ձգտին հիմնել նոր համակարգ մը վերակենդանացնելով իրենց հնամենի անկախ թագաւորութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ Սեւ Ծովէն մինչեւ կովկասեան նահանգներն ու Փոքր Ասիոյ տարածութիւնը: Անոնք կ՛ուզեն ձերբազատիլ թուրքերու եւ ռուսերու իշխանութիւններէն միասնաբար: Հայերը Անգլիայէն գնած են 300 հազար հրացաններ եւ 2 միլիոն փամփուշտ, որոնցմով զինուած են Անատոլուի լեռնական հայերը: Հայերը ցարդ ձախողած են իրենց նպատակին մէջ: Ապտիւլ Համիտ սուլթանի կողմէ Ֆուատ փաշան մասնաւոր Փեթրեսպուրկ ղրկուած է եւ Նիքոլա Բ. ցարին հետ ժողով գումարած՝ նիւթ ունենալով հայ յեղափոխականներու գործունէութիւնը: Ռուսերը մեծ մտավախութիւն ունէին որ հայերը կ՛ըմբոստանան, ուստի անոնք թաթարները զինեցին եւ հայոց դէմ ղրկելով, մորթել տուին զանոնք: Ռուսերը հայոց բոլոր հարստութիւննրն ու դրամը բռնագրաւեցին: Այս եղաւ հայոց վիճակը, մինչ ռուսերը լուռ ու հաշտ աչքերով դիտեցին անոնց ջարդուիլը:
Ուրիշ կարեւոր յօդուած մըն ալ կը գտնենք «Ալ Ալամ Ալ Իսլամի» թերթին 28 Ապրիլ 1905-ի թիւ 8-ի մէջ, որ խորագրուած է «Պաքուի Կոտորածը» (էջ 501-506): Այս յօդուածին մէջ հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Պաքուի հայոց կոտորածները եւ անկէ ետք տեղի ունեցած հաշտութիւնը: Իբրեւ եզրակացութիւն ան կ՛ըսէ. «Թաթարներու եւ հայոց ընդհարումներուն ու հայկական ջարդերուն պատճառը բնաւ անոնց միջեւ ատելութեան առկայութիւնը չէր, այլ ռուսական կառավարութիւնն էր կոտորածներուն պատասխանատուն, որովհետեւ ան լուրջ միջոցառումներ ձեռք չարաւ դադրեցնելու եւ արգիլելու համար զանոնք» (էջ 506):
https://www.researchgate.net/publication/277669244_Armenian-Azerbaijani_Conflict_Roots_Massacres_of_1905-1906 համացանցային կայքէջը տեղեկութիւններ հաւաքելով զանազան աղբիւրներէ կը շեշտէ, թէ բազմաթիւ ուսումնասիրողներ եւ ցեղասպանագէտներ համոզուած են, որ ռուսական իշխանութիւնները Կովկասի թաթարներու եւ հայոց հակամարտութեամբ շահագրգռուած էին եւ կամ զանոնք գործնականպէս քաջալերած: Այս ուղղութեամբ նուազագոյնը հաստատելու համար պէտք է ըսել, թէ ռուսական իշխանութիւնները արիւնահեղութեան դիմաց ձեռնածալ մնացին եւ կարգ ու կանոնը հաստատելու համար ոչինչ ըրին, կ՛աւելցնէ կայքէջը:
Ուշագրաւ է այդ ժամանակի եգիպտական արաբատառ մամուլի հայ-թաթարական ընդհարումներուն անդրադառնալը եւ անոնց մանրամասնութիւնները ներկայացնելը, որ այդ հարցը ուսումնասիրողներուն համար յաւելեալ աղբիւր մըն է: