ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- 20 յունուարին, կառավարութիւն-Ազգային ժողով հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտարարեց, որ ներկայ դրութեամբ կան դուրս բերուած 3439 մարմիններ, որոնցմէ 766-ին ինքնութիւնը տակաւին չէ ճշդուած, այսինքն «Տի.Էն.Էյ.»ի քննութեան փուլին մէջ են։
Ըստ անոր՝ կան նաեւ անհետ կորսուածներ, բայց տակաւին ճշգրիտ թիւ չ՛ուզեր տալ, որովհետեւ երբ այդ վերջնական թիւը յստականայ, ամբողջական զեկոյց պիտի ներկայացուի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, որ նաեւ պիտի ներկայացնէ նահատակներուն թուային պատկերը։
Փոխվարչապետը շեշտեց, որ զոհերուն թիւը 4000-ը չէ անցած։ Ան նաեւ յայտնեց, որ անդամահատումներու հարց ունեցող զինուորական ծառայողներուն թիւը 150-ը չի շրջանցեր: