Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան,
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Խոր վիշտով եւ սրտի կսկիծով տեղեկացանք Քամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր Հաննա Պետոյեանի նահատակութեան գուժը:
Տէր Յովսէփ քհնյ. Պետոյեան օրինակելի հայ հոգեւորականի եւ ճշմարիտ հայ մարդու լաւագոյն օրինակ է, որ իւրաքանչիւրին կը պարտաւորեցնէ հաւատարիմ մնալ հայրենանուէր քաղաքացիի կոչման:
Երջանկայիշատակ հայրը դարձած էր հայ հոգեւորականի տիպար օրինակներէն մին եւ իբրեւ հոգեւորական տպաւորել ոչ միայն հայ, այլ նաեւ ոչ հայ հոգեւոր ու հասարակական շրջանակները:
Այս դառն կորուստին առիթով անկեղծօրէն կը ցաւակցինք եւ կը վշտակցինք անոր ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Անգամ մը եւս խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին՝ մաղթելով հոգիի արիութիւն եւ տոկունութիւն:
Բարձրեալ Տիրոջմէ կը հայցենք հանգուցեալներու հոգւոյն յաւիտենական հանգստութիւն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Խոր վշտակցութեամբ:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 14 Նոյեմբեր 2019