Սրտի խոր ցաւով իմացանք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց վախճանումը:
Այս տխուր առիթով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ համայն միութենականները կ’աղօթեն առ Աստուած, վասն վախճանեալ Հովիւի հոգիի հանգստութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու մխիթարութեան:
Աստուծոյ լոյսին մէջ հանգչէ, Հոգեւոր Տէր, ու բարեխօսէ Հայ Եկեղեցիին, մեր ազգին, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Ամէն:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ