ԵՐԵՒԱՆ.– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 13 Ապրիլին կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ պատուէրով հրատարակուած 15 գիրքերու, ինչպէս նաեւ «Ճարտարապետների եւ ճարտարագէտների համահայկական ասոցիացիա»ի նախաձեռնութեամբ եւ նախարարութեան աջակցութեամբ տպագրուած «Կրկին կը վերակառուցենք» խորագիրով օրացոյցին շնորհահանդէսը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց աշխատակազմի ուժերով լոյս ընծայած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը, ուր ներկայացուած են Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու լուսանկարները (թիւով 403), տրուած են տեղեկութիւններ այդ յուշակոթողներուն վերաբերեալ: Պատկերագիրքը հինգ լեզուով է (հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, թուրքերէն): Գիրքը 2010ին լոյս տեսած պատկերագիրքին վերամշակումն է։
Նախարարը ներկայացուց նաեւ «21րդ դարի մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» եւ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» համահայկական համաժողովներու նիւթերու ժողովածուները:
Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան ամփոփ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ժողովածուին, ուր տեղ գտած տուեալներուն մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով հայերէն լեզուով լոյս կը տեսնեն։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Բաքու Քաղաքի Հայութեան Պատմութիւնը» աշխատութիւնը (Գ.Ստեփանեան), ուր Պաքուի հայ բնակչութեան պատմաժողովրդագրական համահաւաք պատկերն է՝ կանուխ ժամանակներէն մինչեւ Յունուար 1990 ներառեալ:
Աշոտ Մելքոնեանի ներկայացումով շնորհահանդէսին մասնակիցները ծանօթացան «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Վերջալոյսին» աշխատութեան (Ոսկան Մխիթարեան, Վահան Ծ. վրդ. Օհանեան): Հատորը կը պարունակէ Ցեղասպանութեան նախորդած ժամանակաշրջանի նիւթերը՝ 1890-1914 թուականներուն։
Ա. Մելքոնեան անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան ջանքերով կազմուած, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակուած «Հայկական Պետութեան Սահմաններն՝ Ըստ ԱՄՆ Նախագահ Վուդրօ Վիլսոնի» գիրքին, «Գրիգոր Գուլգուլեանի գործը: Վրէժ Սպանուած Հօր Եւ Եղբայրների Համար» գիրքը:
Երեւանի պետական համալսարանի Եւրոպական ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Արթուր Ղազինեան խօսեցաւ «Արտերկրում Գտնուող Հայկական Պատմամշակութային Ժառանգութեան Իրաւական Կարգավիճակը (Թուրքիա, Իսրայէլ, Հնդկաստան)» գիրքի մասին (փորձագէտներ՝ Լ. Միրզոյեան, Լ. Կարապետեան, գիտական խմբագիր՝ Ա. Ղազինեան, Ա. Մկրտչեան):
«Ճարտարապետների եւ ճարտարագէտների ընկերակցութեան» համանախագահ Գոհար Թութունջեան ներկայացուց «Կրկին կը վերակառուցենք» օրացոյցը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին։
Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Ղուլարեան դիտել տուաւ, որ «Ճարտարապետների եւ ճարտարագէտների ընկերակցութիւնը» նպատակ ունի Սփիւռքի հայ համայնքներուն միջոցով օրացոյցը հասանելի դարձնել հանրութեան լայն շրջանակներու՝ նպաստելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան աստիճանի բարձրացման եւ ճարտարապետական հին ու նոր մշակութային արժէքներուն:
ԳԿՀ հայագիտական կեդրոնի ղեկավար Արիստակէս Սիմաւորեանը ներկայացուց «Հայ Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Համայնքները Թուրքիայում. Ժամանակակից Միտումներ» աշխատութիւնը եւ Հ. Զատիկեանի՝ «Կարինի Նահանգը 19րդ Դարի Երկրորդ Կէսին» աշխատութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները դիտեցին Արա Երնջակեանի կարճատեւ «Խաւարում» ժապաւէնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: