Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան այն որոշումը, որուն շնորհիւ 30 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը քուէարկութեան պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին:
Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր յայտնեց, որ թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի 28 հոկտեմբերի շաբթուան ընթացքին:
Յայտնենք, որ Հայ դատի յանձնախումբը հեռաձայնային նոր արշաւի մը սկսած է` ANCA.org/call հասցէով` մղելու համար քոնկրեսականները քուէարկելու ի նպաստ բանաձեւին:
«Մինչ նախագահը տեղի կու տայ Էրտողանի ճնշումներուն դիմաց, Քոնկրեսին պարտականութիւնն է պաշտպանել Ամերիկայի շահերը` ցոյց տալով, թէ կարելի չէ արտօնել բռնատէրերու, որ առեւանգեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հաստատելով, որ ամերիկեան արժէքները ծախու չեն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Միւս կողմէ, վերջին քանի մը օրերուն, 11 քոնկրեսականներ միացան բանաձեւը հովանաւորողներու փաղանգին: Հովանաւորողներու ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել https://anca.org/ag-cosponsors կայքին վրայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի քոնկրեսականներուն հետ` ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւերուն վաւերացումը: