Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ես այս երգը երգում եմ սկզբից,
որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու,
որովհետեւ առանց քեզ անձրեւը ջուր է սովորական,
լեռները` քարերի կուտակում,
սէրը` շքեղութիւն աւելորդ
եւ որդի ծնելը` յանցագործութիւն:
«Հայրենի Հող», Յովհաննէս Գրիգորեան, 1945-2013
Յաճախ կարդալ բանաստեղծները: Անոնք աւելի խելօք են քաղաքական գործիչներէն, մեծանուն գիտնականներէն եւ նախանձելի դրամատէրներէն:
… որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու…
Հայ իրականութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կը խօսուի պատերազմի, պարտութեան, գերիներու, զոհերու, տնտեսութեան, ըմբիշի, երգիչի, դերասանի, քաղաքական գործիչի, ամէն կարգի հարցերու եւ փոխադարձ քննադատութիւններու մասին: Լրատուամիջոցներ եւ ղեկավարութիւններ, համախոհութեամբ, չեն խօսիր ազգի գոյապահպանական եւ հզօրացման մեծ հարցին` հայրենադարձութեան մասին:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ ճանաչման վերլուծական ճառերուն կամ գիտաժողովներուն մէջ ոչ ոք կը խօսի հայրենադարձութեան մասին: Կարծէք ազգի հատուած սփիւռքի անհայրենիք ապրելու եւ այդպէս ալ անհետանալու գաղափարին հետ հաշտուած ենք: Հայկական համարուած եւ մոլորակային դարձած զանգուածներուն համար (եթէ այս բառը դեռ իմաստ մը ունի սփիւռքեան կացութեան մէջ) հայրենադարձութեան իրաւ հարց չկայ:
Ո՛չ ներսը եւ ո՛չ ալ դուրսը հայրենադարձութիւնը հրամայական օրակարգ է:
Հայաստանի պաշտպանութիւնը, առաջին հերթին, երկիրը ծաղկեցնող, զարգացնող եւ հոն ապրող բնակչութեամբ կ՛ըլլայ:
Առաջին իրատեսութիւն. Թշնամական շրջապատի մը մէջ, ցանցառ եւ աչքերը դուրս յառած բնակչութեամբ երկիր չի պահուիր:
Երկրորդ իրատեսութիւն. Բաժակաճառային գնահատումը հզօր սփիւռքի մասին անբովանդակ ամբոխավարութիւն է: Տասը կամ տասնհինգ միլիոններ գնահատուող (՞ ՞ ՞) սփիւռք(ներ)ի ազգի հատուած նկատուած համրանքի ո՞ր տոկոսը ազգային յանձնառութիւններու պատրաստ է, ո՞ր տոկոսը ինքզինք կը ճանչնայ իբրեւ հայ ազգի անդամ, ի՞նչ էին այդ տոկոսները յիսուն տարի առաջ: Ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք կէս դար ետք:
Առանց սեփական երկրի իւրաքանչիւր թիզ հողին տէր ժողովուրդի հայրենիք չի պահուիր: Առանց հոն ապրելու, հարազատութիւն ժառանգելու եւ կտակելու, շրջապատի օտարող ազդեցութիւններուն ենթակայութեան մէջ ազգի հատուած չի պահուիր:
Հայ քաղաքական միտքը եւ զայն ապրեցնելու կոչուած ղեկավարութիւնները այս զոյգ իրատեսութիւններով պէտք է առաջնորդուին եւ առաջնորդեն:
Ի՞նչ ըրած են, ի՞նչ կ՛ընեն, որպէսզի այս իրատեսութիւններէն բխած եզրակացութիւնները վերածուին քաղաքական աշխատանքի եւ նախաձեռնութեան: Խօսքը ապագայ նախատեսող եւ կերտող հաւաքականութիւններու վերաբերող նախաձեռնութեան եւ ծրագրումի մասին է, ոչ քարոզչական եւ յուզիչ պարագաներու:
Հայրենադարձութիւնը քաղաքական հեռանկարային արարք է, ոչ յուզման ցուցադրութիւն (show): Ան կը կազմակերպուի: Կը չափուի թիւերով եւ յաջողութեամբ: Հայաստան հաստատուող քանի մը սփիւռքահայերու հեռատեսիլային ելոյթները յուզիչ պատկեր (show) են, սուր կերպով դրուող հայրենատիրութեան խնդիրին լուծում չեն: Ֆրանսացին կ՛ըսէ, թէ ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը, եզակի պարագաները պէտք չէ մոռցնեն ընդհանրականը:
Երբ այս մասին մտածենք, մենք մեզ կը գտնենք հարցականներու առջեւ.
ա.- Հայրենահանումէն հարիւր տարի ետք, տարտղնուած զանգուածներուն համար իմաստ ունի՞ հայրենադարձութիւնը, զրկուածի հոգեբանութիւնը սփիւռքի ո՞ր տոկոսին մէջ դեռ կը տեւէ: Հայրենասիրութիւնը իբրեւ հայրենատիրութիւն վերածուած է նուազագոյնի, փոխարինուած է բարեսիրութեամբ: Կրնանք ազգի տեսանկիւնէ այս նահանջին համար գտնել ընկերամշակութային արդարացումներ, որոնք, ինչ ալ ըլլայ իրականութիւնը, չեն վարագուրեր. հայրենահանուածները (որոնք գրեթէ շիջած են) եւ անոնց յետնորդները հայրենադարձութեան օրակարգ չունին, նոյնիսկ երբ այդ ուղղութեամբ ըսուած գեղեցիկ խօսքերը կը ծափահարեն:
Ցեղասպանութեան ճանաչումներ, Հայ դատի հետապնդում` բռնագրաւուած հայապատկան հողերու պահանջով, նոյնիսկ բոլորին կողմէ ընդունելի տարազ դարձած հայապահպանում, խորք եւ իմաստ կ՛ունենան ներկայ հայրենատէր ժողովուրդով, ոչ ասդին-անդին անցեալի եւ մշակոյթի ցուցադրութեամբ, ոչ կարօտի հայաստանասիրութեամբ, Արարատ եւ Սեւան նկարելով:
Հայրենատիրութեան առաջին քայլը ներկայութիւնն է. հայրենադարձութիւնը:
Հայաստան երթալ-գալ, նիւթապէս օգնել, հիմնադրամ եւ այլ, բուժօգնութիւն, բաւարար չեն հայրենիք պահելու եւ անոր տէր ըլլալու: Երկրի ամրացումը, նախայարձակումներու դիմադրելու կարողականութիւնը, տնտեսութեան հզօրացումը, կ՛ենթադրեն ներկայ ժողովուրդ, անհրաժեշտ են աշխատողներ եւ սահման պահողներ:
Հեռատես եւ առաջնորդող ղեկավարութեան գործն է Հայաստանի բնակեցումը, հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք, ո՛չ միայն Երեւանը: Հայրենադարձութիւն պէտք է իրականացնել այս նպատակով, ստեղծելով կեանքի հաւասար պայմաններ երկրին մէջ, նաեւ Երեւանէն դուրս եւ հեռու: Պելճիքան միայն Պրիւքսելը չէ, Զուիցերիան միայն Լոզանը եւ Պեռնը չէ, ասոնք ալ փոքր երկիրներ են, բայց ինչպէս Ամերիկա եւ Գերմանիա, բարեկեցութեան պայմանները նոյնն են:
Հայրենադարձութեան իրականացումը եւ յաջողութիւնը կը պահանջէ երկրի բոլոր մարզերու հաւասար բարեկեցութեան եւ ուսման պայմաններու ստեղծումը: Այս կը ծրագրէ եւ կը գործադրէ ղեկավարութիւնը, ինքնաբերաբար տեղի չ՛ունենար: Ասոր համար, կազմակերպական, աշխատանքներու բաժանման, մտայնութիւններու եւ քաղքենի բարքերու փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ, Երեւանէն դուրս գտնուող Հայաստանը պէտք է դադրի գաւառական եւ գիւղական ըլլալէ: Այս տարբերութեան վերացումը քաղաքական եւ հեռանկարային առաջադրանք պէտք է ըլլայ, իբրեւ նախապատրաստութիւն հաւանական հայրենադարձութեան:
Սփիւռքի բոլոր հատուածները ենթակայ են ապակայունացման` պատերազմներու պարտադրանքով, կամ պարզապէս արագ եւ վերջնական լուծման (assimilation) տանող անխուսափելի համարկումի (intռgration) պատճառով: Ժամանակի հարց է, որքան ալ մեծ կեդրոններ եւ եկեղեցիներ կառուցենք: Այս կը թելադրէ գիտական տեսութիւններ չպահանջող ողջախոհութիւնը:
Այսօր զանգուածներուն ուղղուած, իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ հասնող հայրենադարձութեան գաղափարախօսութիւն չունինք: Կարծրացած հաւատք ունինք, որ եկեղեցիին եւ դպրոցին շուրջ հայ պիտի մնանք, բայց կրկին պէտք է ըսել, որ այդ հաւատքն անգամ ժամանակի ճնշման չի դիմանար: Իսկ ամէն տեղ եկեղեցիի եւ դպրոցի շուրջ հաւաքուած «ժողովուրդ» չկայ, եղածն ալ կը նօսրանայ:
Ազգի տեւականացման եւ ճշմարիտ ինքնապահպանման ուղին հայրենադարձութիւնն է: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով:
Ներսը եւ դուրսը, իրաւ ղեկավարութիւնը (ոչ քաղքենի էսթեպլիշմընթները) օրինակելի եւ յանձնառու նախաձեռնութիւններով հրամայական պարտաւորութիւն ունի ծրագրելու եւ իրականացնելու հայրենադարձութիւնը` ժողովուրդը գաղափարականօրէն պատրաստելով, կազմակերպելով, ընելով այնպէս, որ հայրենադարձութեան չհետեւի զղջումը: Նախընթաց կայ:
Ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան համատեղ աշխատանքով նախապատրաստութիւն` երաշխիք տալով, գաղափար եւ տեսիլք ներշնչելով:
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին զանգուածները արձագանգեցին հայրենադարձութեան կանչին, անոնք դեռ չէին եզրակացուցած, որ սփիւռքը վերջնական կայք էր: Հիմա արդէն այս միտքը հասարակաց է:
Հայրենադարձութիւնը քամիքազի, զոհողութեան եւ հերոսի կարգախօսով պիտի չըլլայ: Անիկա կը պատրաստուի հոգեբանական, մշակութային, տնտեսական, բարեկեցութեան երաշխաւորութիւններու խորքի վրայ: Այսօր աւելի դժուար` քան 1945-ին, քանի տարիները անցնին անիկա աւելի դժուար պիտի ըլլայ:
Այսօ՛ր պէտք է սկսիլ: Հարկ կա՞յ կրկնելու, որ վաղը միշտ ուշ է:
Անհայրենիք եւ հայրենիք կորսնցնելու սպառնալիքին տակ եղող հայը պէտք է լսէ բանաստեղծի վիրաւոր իմաստութեան իւրաքանչիւր բառը…
16 ապրիլ
2021 Նուազի Լը Կրան