ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Երկուշաբթի, 26 Մարտին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն նահանգային օրէնսդիր մարմինին ներկայացուց թիւ 37 միացեալ բանաձեւը, որ 24 Ապրիլ 2018-ի կը հռչակէ «Քալիֆորնիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակի ոգեկոչման օր»։ Ֆրիտմընին զօրակցեցան Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինի հայկական համախմբումի անդամներ Ատրին Նազարեան (խորհրդարանական) եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք ու Էնթընի Փորթանթինօ։
Ֆրիտմըն յիշեցուց, թէ հայաշատ Կլենտէյլի եւ Քալիֆորնիոյ տարածքին հայերը Ապրիլ 24ին կ՛ոգեկոչեն հայ ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրները, միաժամանակ խոստանալով նորոգել ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ պայքարը աշխարհի տարածքին։
«Այս բանաձեւը առիթ մըն է Քալիֆորնիոյ ժողովուրդին, որ յարգանքի իր տուրքը մատուցէ միլիոնաւոր հայ զոհերուն եւ պահանջէ իր ղեկավարներէն, որ դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ուրանալու իւրաքանչիւր փորձ», աւելցուց Ֆրիտմըն։
Բանաձեւը նաեւ նշում կը կատարէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած փոքրամասնութեանց օժանդակութեան հասած Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին բարեսիրական ջանքերուն մասին, եւ կը դրուատէ ու կը քաջալերէ Ցեղասպանութեան իրականութիւնը իրենց համայնքներուն փոխանցողները եւ դասաւանդողները։
Ֆրիտմըն սոյն բանաձեւը պիտի կարդայ 23 Ապրիլին, խորհրդարանին մէջ նախատեսուած քուէարկութեան ընթացքին։