ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 8 Ապրիլ թուակիր հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջնորդութեամբ, 70-է աւելի քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ շեշտը կը դրուի միաժամանակ՝ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ դնելու, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ոգեկոչելու ու Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութեան վրայ՝ ապագայ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման պայքարին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին ընդառաջ ներկայացուած այս բանաձեւը ողջունեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, յատկապէս կարեւոր համարելով բանաձեւին այն բաժինը, որ շեշտը կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ օրերուն ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ հայութեան տրամադրուած աջակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու ապագայ սերունդներուն ծանօթացնելու ջանքերուն վրայ։
Քոնկրեսական Շիֆ, խօսելով բանաձեւին մասին՝ նշեց, որ առաւել քան 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած եւ 1,5 միլիոն հայերու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը «պարզապէս անցեալին մաս կազմող փաստ մը չէ, այլ յամեցող սպառնալիք մըն է»:
«Անոր հերքումը ոչ միայն շարունակական վիրաւորանք է վերապրողներուն եւ անոնց շառաւիղներուն համար, այլ նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգ մը կը հանդիսանայ», աւելցուց քոնկրեսականը:
«Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պէտք է հերքել, այլ պէտք է ընդունիլ իբրեւ մարդկութեան համար պատուհաս մը: Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ քաջութեան նոր էջ պիտի բանայ: Գործող վարչակազմին հաստատ առաջնորդութեամբ՝ ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները դէմ դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերուն», իր կարգին, նշեց Պիլիրաքիս.
Բանաձեւը հովանաւորող քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը տեսնել https://anca.org/ag-cosponsors կայքէջին վրայ։