ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 32րդ դատարանը դատական հայց ներկայացուց գերմանական Die Welt թերթի թղթակից Տենիզ Եուճելի դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցին վերաբերեալ համացանցին վրայ կատարած հրապարակումներուն համար:
Այդ առնչութեամբ Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը պատրաստած է մեղադրական եզրակացութիւն մը:
Դատախազութիւնը Եուճելի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու համար համապատասխան արտօնութիւն պահանջած է արդարադատութեան նախարարութենէն:
Եուճել կը մեղադրուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածի յատկանիշներով, որն է՝ Թուրքիոյ պետականութիւնը, թուրք ժողովուրդը հրապարակայնօրէն նուաստացնելը: Լրագրողին կը սպառնայ 6 ամիսէն մինչեւ 2 տարուան բանտարկութիւն: