ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս, Օսման Քէօքերի «Պիր Զամանլար» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ յայտնի վիպագիր Քեմալ Եալչընի «Ասորիներ Եւ Սէյֆօ» խորագրեալ գիրքը։ Հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցած գիրքի ծանօթացման ընթացքին Քէօքեր արտասանեց բացման խօսքը, ապա խօսքը տուաւ վիպագիր Եալչընին։
Հեղինակը նախքան իր նորատիպ հատորին անդրադառնալը՝ խօսեցաւ իր գրական գործունէութեան մասին։ Ան յիշեցուց, որ նախապէս հրատարակած էր արդէն Անատոլուի յոյներուն մասին եւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անկէ ետք հայերու ապրումներուն մասին պատմող իր երեք գիրքերուն՝ «Իմ Սիրտս Քեզմով Կը Խայտայ», «Սարի Կալին» եւ «Անոնք Որոնք Կրցան Գոյատեւել» վաւերագրական վէպերուն մասին, որոնք կը ցոլացնէին վերապրողներու յիշողութիւնները։ Ան յիշեցուց, որ այս գիրքերուն հրատարակութիւնը իրականացած էր մեծ դժուարութիւններով։
Եալչըն այնուհետեւ ծանօթացուց իր նոր գիրքը՝ ըսելով, որ «Սէյֆօ»ն ասորիներու ինքնութեան մէկ մասնիկն է եւ ասորերէն կը նշանակէ՝ սուր, կտրել, կտոր կտոր ընել եւ նշեց, որ գիրքին մէջ տեղ տուած է այն մարդոց պատմութիւններուն եւ ապրումներուն, որոնք ազդուած են Սէյֆոյէն։
Նշենք, որ հայ եւ ասորի համայնքներէն բազմաթիւ գրասէրներ ներկայ էին ձեռնարկին։