ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԲԸՄԻ ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ, ազգային, քաղաքական թէ հասարակական կազմակերպութիւններ կը մշակեն ու կը ծրագրեն միջոցառումներ՝ պատշաճ կերպով ոգեկոչելու համար Ապրիլեան մեր նահատակներուն անջնջելի յիշատակը: Այս տեսանկիւնէն դիտելով՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու համախմբումը արդէն տասնամեակէ մը աւելի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կը ծաւալէ բացառիկ օգտաշատ աշխատանք՝ տարին մէկ հրաւիրելով հայ, թուրք թէ օտար քաղաքական դէմքեր, պատմաբաններ, գիտնականներ, մտաւորականներ, ու կազմակերպելով հրապարակային մեծածաւալ դասախօսութիւններ, հանդիպումներ, քննարկումներ, վերլուծումներ կամ վիճաբանական ասուլիսներ։
Թէ ի՞նչ ծրագիրներ մշակուած են 100ամեակի նախօրէին՝ գլխաւորաբար այս հարցումով մօտեցանք ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանին: Ան ծնած է Հալէպ. գործօն մասնակցութիւն բերած է եւ կը բերէ ազգային-հասարակական մեր կեանքէն ներս, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀԲԸՄի միջոցով: Եղած է ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ, Լոս Անճելըս-Սան Ֆերնանտօ հովիտի վարչութեան ատենապետ, ինչպէս նաեւ՝ Ասպետներու վարչութեան անդամ, փոխատենապետ. ներկայիս կը վարէ նոյն վարչութեան ատենապետի պաշտօնը: Տոքթ. Եաղսըզեան մասնագիտութեամբ ախտաբան է (Pathologist), կը գործէ «Քայզըր» հիւանդանոցին մէջ, ինչպէս նաեւ կը դասախօսէ UCLA-ի մէջ։
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Տոքթ. Եաղսըզեան, կը խնդրեմ, որ երկու խօսքով ներկայացնէք ՀԲԸՄ Ասպետներու համախմբումին նպատակն ու առաքելութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ.- Ասպետներու համախմբումը ծն-ունդն է ՀԲԸՄին, ուստի անոր նպատակն ու առաքելութիւնը բնականաբար կը նոյնանան ՀԲԸՄի աշխատանքային ուղղուածութեան հետ: Մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է մեր ազգին զաւակները, միութենական դպրոցականը, համալսարանականը, սկաուտն ու ակումբի գործօն անդամը արթուն պահել սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Իսկ մենք, որպէս Ասպետներ, աշխատանք կը տանինք նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնականօրէն մեր լուման բերելու համար հայապահպանման այդ ընդհանուր աշխատանքին: Այս նոյն միտքն է, որ խտացուած է ՀԲԸՄի Ասպետներու առաքելութեան մէջ: Հոն կը կարդանք. «Հայկական ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան գոյատեւումին նախանձախնդիր մարդասիրական այս մեծ կազմակերպութեան՝ ՀԲԸՄի ամերիկահայ շառաւիղները որպէս, ստեղծել պատուանդան մը, գործօն մասնակցութեամբ ու արդիական մօտեցումով նպաստել ազգային հրատապ ու նոր հրամայականներու դիմագրաւումին»:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Անցնող 12 տարիներուն ընթացքին Ասպետներու հրաւէրով Լոս Անճելըս ժամանած եւ դասախօսած են բազմաթիւ անուանի դէմքեր. Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, դոկտ. Նուպար Աֆէեան, փրոֆ. Վահագն Տատրեան, փրոֆ. Թաներ Աքչամ, փրոֆ. Արա Սարաֆեան, Պերճ Սեդրակեան, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան, փրոֆ. Ճենկիզ Աքթար, ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, Հասան Ճեմալ, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, դոկտ. Փամելա Սթէյնըր եւ Էտուըրտ Ճէրէճեան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին, ՀԲԸՄ Ասպետները ի՞նչ նոր ծրագիրներով կը ներկայանան մեր հանրութեան:
ՅԱՐՈՒԹ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ.- Ինչպէս նշեցիք, նախորդ տարիներուն հրաւիրած ենք դիւանագէտներ, պատմաբաններ, մտաւորականներ եւ ազգային ղեկավար դէմքեր: Ներկայիս, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, նախատեսած ենք երեք մեծ միջոցառումներ, որոնցմէ երկուքը ծրագրած ենք կայացնել մինչեւ 2014ի աւարտը:
ա.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումին հրաւէրով ելոյթ պիտի ունենայ միութեանս Փասատինայի կեդրոնին մէջ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10ին: Ան Հալէպի ՀԲԸՄի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի շրջանաւարտ է: Նոյն օրերուն, Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ նաեւ Հալէպի մեր վարժարանի համեստափայլ ու քաջարի տնօրէնուհի Գայիանէ Թիւմպալեանը, եւ պաշտօնապէս պիտի նշուի վարժարանին 60ամեակը:
Վարդան Օսկանեանի հետ հանդիպումը վստահաբար պիտի հետաքրքրէ մեր հայրենակիցները, որպէսզի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն կողքին, Վ. Օսկանեանի միջոցով ծանօթանան Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ՝ մեզ յուզող այժմէական հարցերու:
բ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի հայ համայնքին հանդէպ միշտ ունեցած է դրական կեցուածք, քաջալերած եւ ներկայ գտնուած է ինչպէս ՀԲԸՄի, նոյնպէս եւ գաղութային հրապարակային տարբեր ձեռնարկներու: Այցելած է Հայաստան, ջատագովն է Հայոց Ցեղասպանութեան մեր արդար պահանջատիրութեան: ՀԲԸՄի Ասպետներու համախմբումը պիտի հիւրընկալուի մեծայարգ քաղաքապետին տան մէջ, տօնախմբելու համար Լոս Անճելըսի հայ գաղութի 100 տարուան ձեռքբերումները եւ ներդրումը տեղական կեանքէն ներս: Այս միջոցառումը ծրագրուած է կայացնել մինչեւ տարեվերջ:
գ.- Երրորդը եւ գլխաւորը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն միջազգային թերթերու առաջին էջերուն վրայ կոտորածներուն մասին պատմող լուրերու եւ յօդուածներու տպագրուած օրինակներու շրջուն ցուցահանդէսն է, որ տեղի պիտի ունենայ 2015ի սկիզբը: Այս բացառիկ նշանակութիւն ունեցող ցուցահանդէսը իրականութիւն պիտի դառնայ շնորհիւ Հայաստանի Ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանին: Շուրջ տարի մը առաջ էր, երբ Ասպետներու վարչութիւնս առիթը ունեցաւ սերտօրէն գործակցելու դոկտոր Դեմոյեանի հետ, եւ որպէս արդիւնք՝ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ցուցահանդէսը Երեւանէն պիտի բերուի Լոս Անճելըս, եւ զայն հայ թէ օտար հասարակութեան պիտի ներկայացնենք Լոս Անճելըսի Skirball Cultural Center-ի մէջ:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Մեծապէս գնահատելի եւ իւրօրինակ ծրագիրներ են տոքթ. Եաղսըզեան: Ձեզի եւ ձեր վարչութեան կը մաղթենք անկոտրում կամք՝ յաջողութեամբ պսակելու համար վերոյիշեալ երեք միջոցառումները:
ՅԱՐՈՒԹ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ.- Շնորհակալութի՛ւն: Ասպետներու շարժումը իր ծննդեան օրէն իսկ փորձած է արձագանգը հանդիսանալ ազգային հրատապ խնդիրներու, լուսաբանել հանրութիւնը եւ նոր հորիզոններ բանալ անոնց մտածողութեան մէջ: Օգտուելով այս առիթէն՝ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախորդ բոլոր վարչական անդամներուն եւ անոնց ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ՝ մեր ազնիւ տիկիններուն, որոնք անշահախնդիր կերպով իրենց ժամանակն ու նիւթական միջոցները կը տրամադրեն յանուն հայ ժողովուրդի յարատեւութեան:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Տոքթ. Եաղսըզեան, Ասպետները նաեւ ծանօթ են հայ աշակերտութեան ուղղուած նիւթական եւ բարոյական իրենց օժանդակութիւններով:
ՅԱՐՈՒԹ ԵԱՂՍԸԶԵԱՆ.- Այո՛, ամէն տարի ՀԲԸՄի զոյգ վարժարաններուն մէջ կը կազմակերպենք ազգային թեմաներով շարադրութեան մրցումներ՝ նիւթապէս վարձատրելով մրցանակակիրները: Իսկ քանի մը տարի առաջ, կազմակերպեցինք աշխատանքային փորձառութեան ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս 12րդ դասարանի աշակերտներ կը գործուղուէին տարբեր հայրենակիցներու գրասենեակներ եւ հաստատութիւններ՝ շահելով աշխատանքային ասպարէզի լայն փորձառութիւն:
ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն տոքթ. Եաղսըզեան: Վստահ ենք, որ Ասպետներուն ծրագրած միջոցառումները իրենց նպաստը պիտի բերեն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համագաղութային ծրագիրներու շարքին: