Ամերիկեան արհեստավարժ պասքեթպոլի թուրք մարզիկ Էնես Քանթեր քանի մը օր առաջ գրարումով մը նշեց, որ կարգ մը հեղինակաւոր պատմաբաններ դրած են իր «անգիտութեան վերջ մը», որուն շնորհիւ այսուհետեւ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անգամ մը եւս դատապարտելով զայն ուրացող Անգարայի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ «մենատէր» Էրտողանը։ Ան աւելցուց, թէ միայն բոլոր ազգերուն իրաւունքները ճանչցող եւ ժողովրդավար Թուրքիա մը պիտի ընդունի իր անցեալի մեղքերը, վստահեցնելով, թէ Էրտողանի նման բրնապետներուն օրերը հաշուըւած են։
Իբրեւ հակադարձութիւն, ան սկսած է բազմաթիւ մահուան սպառնալիքներ ստանալ թուրք ազգայնամոլներէ։ Ան կը գրէ, թէ ինք չի վախնար նման սպառնալիքներէ։
Ան նաեւ կը նշէ, որ կը պատրաստուի Լոս Անճելըսի մէջ պասքեթպոլի ճամբար մը իրականացնել, «իմ հայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս համար», յուսալով, որ նման քայլեր կը նպաստեն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։ Այլախոհ թուրք պատմաբան Թաներ Աչքամ ողջունեց այս քայլը։
Նշենք, որ Էրտողանը քննադատելուն համար, 2018ին Քանթերէն խլուեցաւ թրքական քաղաքացիութիւնը, իսկ անոր հայրը դատապարտուեցաւ բանտարկութեան։