«Humanity in the Midst of Inhumanity» (Մարդկութիւն` անմարդկութեան մէջ) գիրքի հեղինակ Շաքէ Սէթեան Հոկտեմբեր 21-ին գիրքի բովանդակութեան շուրջ քննարկումներ պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ Ուոթըրթաունի Հայկական գրադարանին եւ թանգարանին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով The Armenian Weekly-ն:
Գիրքը կ’ուսումնասիրէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով այն թուրք մահմետականներուն, որոնք փրկած են հայերուն կեանքը` սեփականը եւ ընտանիքի անդամներու կեանքը վտանգելու վտանգին դիմաց: Գիրքին մէջ ընդգրկուած է 16 պատմութիւն, որոնք ներկայացուցած են թուրք մահմետականներուն ձեռքէն փրկուած` Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգները: Հեղինակը գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ ամերիկահայերու առաջին սերունդի կրած դժուարութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած խտրականութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ թրքական կողմէն տարուող աշխատանքներուն:
Ցեղասպանութիւնը վերապրածի դուստր Շաքէ Սէթեան կրթութեան գծով դոկտորի աստիճան ստացած է Մասաչուսէթսի համալսարանէն: Ան դասաւանդած է Սփրինկֆիլտի քոլէճին, Քէյփ Քաթի եւ Ացախի համալսարաններուն մէջ: Սէթեան մէկ տարի ապրած է Արցախ եւ կատարած է կամաւոր աշխատանքներ: Ներկայիս ան կ’ապրի Մասաչուսէթս, երեք երեխայի մայր է եւ ունի հինգ թոռ: