Երէկ առաւօտեան ժամը 7:40-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քանդուած ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւները փուլ եկան` առանց վնասներ պատճառելու:
Այդ հիմնասիւները շաբաթներէ ի վեր ենթակայ էին հրդեհի, որուն պատճառով եւ փուլ եկան: Ներկայիս կանգուն կը մնան ցորենի շտեմարանին հարաւային հիմնասիւները:
Հիւսիսային հիմնասիւներուն փուլ գալով փոշիի հսկայ ամպ մը բարձրացաւ, բայց անիկա վախ կամ սարսափ չպատճառեց շրջանի բնակչութեան:
Կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւներուն փուլ եկած պահուն բարձրացած փոշին բարեբախտաբար ծովուն կողմը ուղղուած է:
Ան նշեց, որ նաւահանգիստին մօտակայքը ապրող բնակիչները պէտք է փոշիէն զգուշանան եւ «Էն. 95» դիմակապեր օգտագործեն, ինչպէս նաեւ փակեն իրենց տուներուն դռներն ու պատուհանները` օդին մէջ մնացած փոշին չշնչելու համար:
Եասին ընդգծեց, որ օդը բարձրացած փոշին թունաւոր չէ, սակայն նախընտրելի է զայն չշնչել` աւելցնելով, որ օդի բաղադրիչներուն քննութիւնը պիտի կատարուի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսոլորտային տարրալուծարաններուն կողմէ:
Ան աւելցուց, որ յաջորդ քայլերը պէտք է ըլլան փուլ եկած հիմնասիւներն ու թափած ցորենը, կորեկն ու գարին մաքրելու աշխատանքը:
Ան աւելցուց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կրնան մօտենալ փուլ եկած քարերուն մօտ եւ վերջնականապէս մարել կրակը:
Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Օմար Այթանի յայտնեց, որ ցորենի շտեմարանին հիւսիսային հիմնասիւները փուլ եկած են նախքան աշխատաւորներուն աշխատանքի ժամը` աւելցնելով, որ նաւահանգիստին մէջ բանակը կազմ ու պատրաստ էր եւ կրցած էր պաշտօնեաներուն նաւահանգիստ մուտքը կազմակերպել:
Ան նշեց, որ աշխատաւորներուն համար պէտք եղած ապահովութիւնը առնուած է, եւ նաւահանգիստին աշխատանքը ընթացքի մէջ է:
Նշենք, որ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Նասեր Եասին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրուին հիմնասիւներուն փուլ գալէն ետք:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նամակ մը յղեց Համիէին` անկէ պահանջելով, որ ցորենի շտեմարանին հարաւային հիմնասիւները պահպանուին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը խորհրդանշող իբրեւ պատմական վկաներ:
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին մնացորդացին փուլ գալուն մասին կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հրապարակած էին հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ յայտարարուած էին շարք մը նախազգուշական թելադրանքներ, որոնք պէտք է որդեգրուէին շրջանի բնակչութեան կողմէ: Զոյգ նախարարութիւնները դարձեալ յանձնարարեցին որդեգրել նոյն նախազգուշութիւնները:
Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն համաձայն, ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով օդին մէջ կրնայ բարձրանալ փոշիի ամպ մը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ նեխած հացահատիկներու բաղադրիչներէ եւ կրնայ արձակել գարշահոտ ու պատճառել սնկային հիւանդութիւններ:
Նոյն նախարարութիւնները կը հաստատեն, որ ցորենին կամ հացահատիկներուն արձակած կազերը թունաւոր չեն եւ կը յանձնարարեն հետեւեալը.
1) Ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով բարձրանալիք փոշիին ընթացքին, եթէ մարդիկ իրենց բնակարաններուն կամ աշխատատեղիներուն մէջ են, պէտք է առաջին 24 ժամերուն որդեգրեն հետեւեալ միջոցառումները.
ա.- 500-1500 մեթր տարածութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ փողոցի դռներն ու պատուհանները փակել:
բ.- Առողջապահութեան նախարարութիւնը այդ շրջաններու բնակչութեան համար պիտի ապահովէ պէտք եղած դիմակապերը:
2) Փողոցը գտնուող մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը, եւ նուազագոյնը երկու ժամ ետք պէտք է դարձեալ դուրս գան:
3) Ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն պարագային.
ա.- Ինքնաշարժներուն պատուհանները պէտք է փակել եւ ինքնաշարժին օդորակիչները միացնել, մինչեւ բնակարան կամ փակ վայրեր հասնիլը:
բ.- Եթէ ինքնաշարժին օդորակիչը չի գործեր, ապա մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը:
4) Տանիքները կուտակուած փոշին մաքրելու պարագային.
ա.- Տանիքներն ու պատշգամները պէտք է մաքրել ջուրով եւ ժավելով, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, որպէսզի քիմիական փոխազդեցութիւններ չարձանագրուին:
բ.- Մաքրութեան ընթացքին պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածել:
գ.- Բնակարաններուն փոշին պէտք է թաց լաթով եւ ժավելով մաքրել, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, ինչպէս նաեւ դիմակապ գործածել մաքրութեան ընթացքին:
Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հաստատեցին, որ նախազգուշութիւնը լաւագոյն ձեւը կը նկատուի` առողջութիւնն ու կենսոլորտը պահպանելու: