Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 710-ի, Մահուան Պարագաները` 24-ի,
Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 145-ի
«Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով լիբանանեան պետութեան մղած արշաւին շնորհիւ ընդհանուր զօրաշարժը երէկուընէ սկսեալ արդէն իսկ սկսած է մեղմանալ եւ հետզհետէ յաւելեալ ազատութիւններ ընծայել քաղաքացիներուն, յստակօրէն կեանքի նշոյլները վերադարձուցած է մայրաքաղաքին եւ տարբեր շրջաններու մէջ:
Բայց եւ այնպէս նախանցեալ գիշեր երկրին մէջ տիրող կացութիւնը ստացաւ պայթումնային բնոյթ, երբ ժողովրդային շարժումի գործիչները վերադարձան փողոց ու սկսան փակել ճամբաները` Նաամէէն սկսեալ մինչեւ Թրիփոլի: Յատկապէս Քասքասի, Զալքայի, Տըպպայէի եւ Զուք Մուսպեհի մայրուղիին երկայնքին ցուցարարներ փակեցին ճամբաները, այդ պատճառով ալ բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ճամբաները վերաբանալ փորձող բանակայիններուն ու Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ցուցարարները բողոքեցին սղաճին եւ իրենց ապրուստի խեղճ պայմաններուն դէմ` ի տես ամերիկեան տոլարի արժէքին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումին:
Նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն եւ տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս` Զուք Մուսպեհի մայրուղիին եւ Նահատակաց հրապարակին վրայ բախումներ արձանագրուեցան ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Այս միջադէպերուն լոյսին տակ, լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ բանակը կը յարգէ ցոյց կատարելու քաղաքացիներուն իրաւունքը` կոչ ուղղելով անոնց չփակելու ճամբաները եւ պետական ու սեփական կալուածներուն վրայ յարձակումներ չգործել:
Երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք Աքքարի, Պեքաայի, Զահլէի, Պհամտունի եւ Պէյրութի մէջ դարձեալ սկսան ցոյցերը, որոնց ընթացքին ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին ճամբաները:
Ֆըրն Շըպպեքի մէջ բանակը հալածեց կարգ մը ցուցարարներ, որոնք կը փորձէին շրջանի ներքին ճամբաները փակել:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ առաւօտեան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուելիք «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արշաւները յետաձգեց այսօրուան` նկատի ունենալով ճամբաները փակ ըլլալու իրավիճակը:
Ան մաղթեց, որ ապագային կատարուելիք շարժումներուն ընթացքին առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմերը չէզոքացուին այդ քայլերէն` նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու անոնց կարեւոր աշխատանքը:
Միւս կողմէ, Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը զգայուն է, եւ բոլոր քաղաքացիները պէտք է մնայուն կերպով դիմակ գործածեն, երբ իրենց բնակարաններէն դուրս գան:
Անդրադառնալով նախանցեալ գիշեր բռնկած ժողովրդային շարժումին եւ ցուցարարներուն փողոց վերադարձին` Հասան հաստատեց, որ պատահածը շատ վտանգաւոր է եւ կրնայ քանդել բոլոր նուաճումները, զորս կրցանք արձանագրել` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի ուղիին վրայ:
Իր խօսքը ուղղելով ցուցարարներուն, Հասան կոչ ուղղեց անոնց զգուշանալու, դիմակներ գործածելու եւ իրարու միջեւ հեռաւորութիւնը պահպանելու, որպէսզի իրենց ընտանիքները փրկեն այդ ժահրով վարակուելէ:
Ան հաստատեց, որ ինք լաւ կը հասկնայ ցուցարարները, որոնք կ’արտայայտեն իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի ցաւը: «Ցոյցերը արդար պահանջներու համար են, սակայն միաժամանակ «Քորոնա» համաճարակի գոյութիւնը կրնայ երկիրը քանդել», ըսաւ Հասան:
Առողջապահութեան նախարարը կոչ ուղղեց բոլորին պատասխանատուութեամբ վարուելու:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 710-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 3 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 24 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 145 ուրիշներ` բուժուած:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր զօրաշարժի հինգերորդ փուլով ճշդուած այն որոշումին, թէ դպրոցները պիտի վերաբացուին 8 յունիսին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ կան պրէօվէ դասարանի 60 հազար աշակերտներ, իսկ պաքալորէայի` 40 հազար աշակերտներ` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը բաւարար սրահներ ունի եւ կրնայ նաեւ Լիբանանեան համալսարանները օգտագործել` կայացնելու համար պետական քննութիւնները: Ան շեշտեց, որ պետական քննութիւնները չեն ջնջուած:
Մաժզուպ յայտնեց, որ հեռակայ կարգով ուսման ու դասերուն նպատակն է աշակերտը ուսման մթնոլորտին մէջ պահել` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ 2019-2020 ուսման տարեշրջանը աւարտելու համար կարիքը կայ 40-50 դպրոցական օրերու: «Տիրող պայմանները արտակարգ են, հետեւաբար քննութիւնները եւս պիտի ըլլան արտակարգ», հաստատեց Մաժզուպ:
Պաապտայի Մէջ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց զոյգ նիստերու, որոնց ընթացքին քննարկուեցան փտածութեան դէմ պայքարի միջոցները:
Պաապտայի նիստերուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, մեծ թիւով նախարարներ, ինչպէս նաեւ պետական քննիչ մարմիններու եւ խորհուրդներու պատասխանատուներ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը չի կրնար ժամանակաւոր, մասնակի կամ ընտրովի ըլլալ, որպէսզի չիյնանք վտանգին ծուղակը:
Ան հաստատեց, որ փտածներուն եւ փտածութեան մղող ուժերուն միջեւ հաւասարութիւնը պէտք է պահպանել` աւելցնելով, որ կարելի չէ փտածներուն կողմէ քաղաքական եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն կառչիլ` հարցաքննութենէ փախուստ տալու նպատակով: «Պէտք է ապահովել կարգ մը ազդակներ, որոնց հիման վրայ փտածութեան դէմ պայքարը պիտի ծառայէ իր նպատակին: Այս իմաստով պէտք է ընդարձակել Կեդրոնական դրամատան հաշուեքննիչ խորհուրդին իրաւասութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ փտածութեան աղբիւրները բացայայտող քննութիւնները կատարել», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պէտք է փտածութեան դէմ պայքարի յատուկ դատական ատեան ստեղծուի, պայմանով որ պետական գումար իւրացնելու յանցանքով ամբաստանուած իւրաքանչիւր անհատ ներկայանայ այդ ատեանին դիմաց:
Նախագահ Աուն դիտել տուաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է թիրախ դարձնել նաեւ քաղաքական փտածութիւնը եւ միայն վարչական փտածութեան վրայ չկեդրոնանալ:
Ան կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարի յատուկ օրէնքները մշակելու այնպիսի ձեւով, որ անոնք հակասութիւններու եւ հակադրութիւններու չվերածուին:
«Պէտք է վաւերացնել փտածութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ գործադրելու զայն», հաստատեց նախագահ Աուն:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ փտածութիւնը քաղաքականութեան եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ համայնքներուն եւ անոնց հեղինակութիւններուն պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնուի: «Հակառակ այն իրողութեան, որ փտածութիւնը տարածուած է լիբանանեան պետութեան բոլոր երակներուն մէջ, այսուհանդերձ չկայ փտած մը, որ հաշուետուութեան ենթակայ դարձած է, բացի ան, որուն վրայ գտնուող քաղաքական հովանին զանց կացուցուած է», ըսաւ ան:
Տիապ շեշտեց, որ այս կառավարութիւնը իր ուսերուն վրայ առած է փտածութեան դէմ պայքարելու բեռը, որովհետեւ իսկական բարեկարգումը առանց ազդու հաշուետուութեան եւ գործունեայ վարչութեան չի յաջողիր: «Գրաւը կը մնայ քննիչ հաստատութիւններուն վրայ, որովհետեւ անոնք պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները եւ կրկնապատկուած ջանքերով պէտք է գործեն` հարուածելու համար փտածութիւնն ու փտածները», ըսաւ ան:
Տիապ ընդգծեց, որ պէտք է օգտուիլ կառավարութեան տրամադրած հովանիէն` կարենալ արդիականացնելու համար վարչութիւնը եւ զայն տրամադրելու լիբանանցիներուն ծառայութեան համար եւ ոչ թէ քաղաքականութեան ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն ծառայութեան: