ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Խումբ մը արմատական շիի ցուցարարներ Հինգշաբթի երեկոյեան յարձակեցան Լոնտոնի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ, պատճառելով նիւթական վնասներ ։
Ըստ ոստիկանութեան՝ յարձակողները խափանարարութիւններու դիմած են, կրօնական դրօշակներ բարձրացուցած են եւ դեսպանատան պատշգամէն ծայրահեղական կոչեր արձակած են:
«Ոստիկանութիւնը կրցաւ ցուցարարները դուրս բերել շէնքէն եւ ձերբակալել զանոնք: Կատարուածը կը հետաքննուի Բրիտանիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ», հաղորդեց յարձակումը դատապարտող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ դեսպանատունը դիւանագիտական խողովակներով նախազգուշացուցած էր Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութիւնները, թէ ատրպէյճանցի դիւանագէտներուն ապահովութիւնը վտանգուած է:
Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսանիւթերու մէջ կ՛երեւի, որ դեսպանատան պատին վրայ արաբերէնով կարգախօսներ գրուած են եւ վար առնուած է Ատրպէյճանի դրօշակը:
Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Մեհտիի ծառաներու միութիւն» կոչուող շիիներու կազմակերպութիւնը, որուն ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ Պաքու Ատրպէյճանի մէջ կը հալածէ այլախոհ շիիներ։
Ըստ կարգ մը բրիտանական լրատուամիջոցներու՝ ոստիկանութիւնը առնուազն ութ ցուցարարներ ձերբակալած է: