ՏՈՂԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ
Համզէ Ա՛ալիան
Երբ կ’ընթերցէի գիրքը, ուշադրութիւնս գրաւեց , որ հեղինակը կը կատարէ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տեղեկատուութեան նախարարութեան համազօր աշխատանք: Հեղինակը գրած յօդուածներուն ընդմէջէն,արաբ ընթերցողին կը նկարագրէ մղած լինելութեան պայքարն ու ապրումները, իր հերոսամարտերը: Այդ բոլորը պատճառ կը դառնան, որ հեղինակը մեզի աւելի մօտէն ծանօթացնէ հայ ժողովուրդին: Յօդուածները մեզի կը նկարագրեն հայ ժողովուրդին կրած տանջանքները, ապրած ողբերգութիւնները, կը վերլուծեն մանաւանդ՝թուրքերուն հանդէպ հայերու դիրքորոշումին պատճառները:
Թերթելով գիրքին էջերը, ուշադրութիւնս անմիջապէս գրաւեց դարձեալ իբրեւ նախաբան, իւրաքանչիւր յօդուածի առիթով, հեղինակին մեկնաբանութիւնները՝ մէկ առ մէկ բացատրելով, յօդուածին տուն տուող պատճառները եւ շարժառիթը: Մեկնաբանութիւններուն մէջ արտայայտած հեղինակին մտքերը, այնքան գրաւեցին ուշադրութիւնս, որ ընթերցումս ակամայ կը սկսէի ուղղակի մեկնաբանութիւններէն, ապա կը վերադառնայի յօդուածին: Մարդկային հետաքրքրասիրութիւնս զիս աւելի կը մղէր իմանալու տուեալ յօդուածը գրուելու պատճառներուն, ապա անցնիլ յօդուածին ընթերցանութեան:
Գիրքին պարունակութիւնը մատուցուած է ճաշակաւոր եւ բարձր արուեստով, բաժնուած գլուխները ուղեցոյցի նման կը դիւրացնեն ընթերցողին գործը, հաճելի կը դարձնեն ընթերցումը: Խորագիրներն ու նկարները ընտրուած են ճաշակով եւ կ’արտացոլացնեն յօդուածին հարազատ միտքն ու խորհուրդը: Այնպիսի ճաշակաւոր ընտրութիւն մը, որ հայեացքդ չես կրնար հեռացնել գիրքէն եւ քեզ կը մղէ ընթերցանութեան:
Յօդուածներուն հիմքէն կը ծանօթանաս Հայկական Հարցին:Ին՞չ խորհրուրդ կը ներկայացնէ Արարատ լեռը հայ ժողովուրդին համար եւ Ին՞չ բանի մէջ կը կայանայ Արարատ լերան վերաբերեալ տարակարծութիւնը: Հայերը եւ Հայաստանը ինչպէ՞ս կը հիմնաւորեն իրենց դիրքորոշումը Ղարաբաղի պահանջատիրութեան հանդէպ… : Անկեղծ ըլլալու համար, եթէ այս հարցերը լուսարձակի տակ առնող հայկական յատուկ թերթ մը լոյս տեսնէր կամ հայ դեսպան մը աշխատէր միայն այս ուղղութեամբ, երկուքն ալ պիտի չյաջողէին իրենց առաքելութեան մէջ, որքան Կարօ Գույումճեան.. (Կարօ անունը կը նախընտրեմ Կիրակոսէն):
Յաւելում եւ ոչ՝ Հաւաքում
Երբ մեր գործընկեր Կարօ Գույումճեանը ինծի նուիրեց իր գիրքը, խորհեցայ թէ՝ նախապէս լոյս ընծայած յօդուածներուն հաւաքածոն է, որ կը ներկայացնէր: Ինքնստինքեան հարցում մը ուղղեցի անձիս՝ ինչո՞ւ ճգնիլ եւ վերստին կարդալու ջանք թափել, նախօրօք լոյս ընծայուած յօդուածներու այս հաւաքածոյին համար: Շուտով սակայն յայտնաբերեցի, թէ սխալած էի: Գիրքը յագեցած էր յօդուածներու արժէքէն կրկնակի խորք ունեցող նիւթերով, որոնց մատուցման ոճն ու եղանակը հետաքրքրական եւ հաճելի կը դարձնէին ընթերցանութիւնը, միաժամանակ կը հարստացնէին տեղեկութիւններու պաշարս:
Նկատելի էր նաեւ հեղինակին բծախնդիր հոգածութիւնը՝ փոխանցած տեղեկութիւններուն, պատմական թուականներուն եւ դէպքերու ճշդութեան հանդէպ:
Կողմ .. սակայն՝ անկողմնակալ
Գիրքը չէզոք չէ,հեղինակը յստակ կողմնորոշումի տէր անձնաւորութիւն մըն է: Այս մէկը բնական է, որովհետեւ կը կրէ հայու ստորագրութիւնը : Այս մէկը յանցանք մը չէ, եւ ոչ մէկ կերպ կրնայ նուազեցնել անոր արժէքը: Ընդհակառակը, հեղինակը իր առարկայականութեամբ , քաղաքակիրթ եւ թափանցիկ երկխօսութեան ընտրանքին կառչելու իր համոզումով, յարգանք կը պարտադրէ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութեան հանդէպ: Անոր գրութիւններուն մէջ չկան գրգռիչ, վիրաւորական եւ արհամարհալից արտայայտութիւններ: Կարօ Գույումճեան իր դիրքորոշումները եւ կեցուածքները կը մատուցէ ազնիւ ոճով, քաղաքակիրթ եւ անկեղծ եղանակով: Ահա թէ ինչու ան կը նուաճէ ընթերցողին յարգանքը:
Կարօ Գույումճեան հմտօրէն յաջողած է ներկայանալ իբրեւ հայկական հարցերու կշռադատ եւ արդարախոհ դատապաշտպան: Միաժամանակ, ան յաջողած է գիրքը մատուցել բարձրարուեստ ճաշակով, համեմուած հաճելի եւ գեղեցիկ ոճով եւ տեսքով: Նկարներու ընտրութիւնը դիպուկ է եւ պատշաճ՝ յօդուածին: Յօդուածներուն միջեւ անգիր եւ սպիտակ էջերը՝ հոգեկան եւ տեսողական հանգստութիւն կը պատճառեն ընթերցողին:
Առնչութիւնը Քուէյթի հետ
Հեղինակը աշխարհի ու շրջապատին դէպքերը կը դիտէ հայու աչքերով: Հայ ժողովուրդին բաժին ինկած դառն ճակատագիրին,անոր ապրած արհաւիրքին եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի մը ներաշխարհէն փխած զգացմունքներով:Նախապէս լոյս տեսած կամ անտիպ յօդուածները ընդհանրապէս կ’առնչուին հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն: Քանի մը յօդուածներ կը վերաբերին Քուէյթին, արաբական երկիրներուն կամ մեր այսօրուան աշխարհին: Կարօ Գույումճեանի յօդուածները ընթերցելով մենք իրազեկ կը դառնանք, որ հեղինակը երկար ժամանակէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Քուէյթի մէջ, եւ յատուկ մտերմիկ կապ մը գոյութիւն ունի անոր եւ ողբացեալ արուեստագէտ Նէճի Էլ Ալիի միջեւ: Կարօ Գույումճեան մօտէն հետեւած է պաղեստինցի տաղանդաւոր նկարիչին ծաղրանկարներուն, որոնք կ’արտայայտեն Պաղեստինի պահանջատէր եւ տարագիր ժողովուրդին տառապանքները եւ շրջապատէն կրած հիասթափութիւնները:
Ի կատար ածուած առաքելութիւն
Հեղինակը գիրքին սկիզբը եւ աւարտին տեղադրած է հայերէն լեզուով գրութիւններ, զորս չկրցայ հասկնալ, այդ լեզուին չիմանալու պատճառաւ: Գիրքին մէջ տեղադրուած է նաեւ հեղինակին ամփոփ կենսագրութիւնը որմէ կ’իմանանք, թէ Կարօ Գույումճեան ծնած է 1946-ին, Հալէպ: Ապա բնակութիւն հաստատած է Քուէյթի մէջ: Գիրքին նախաբանին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի, արաբ մտաւորական գրող Իպրահիմ Խալիլի եւ հայ բանաստեղծ Թորոս Թորանեանի խօսքերը:
Այս մէկը հեղինակին ստորագրութիւնը կրող առաջին հատորն է, որ լոյս կը տեսնէ: Ահաւասիկ հեղինակ մը, որ գրիչը, իր միտքերը ու տաղանդը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդի տառապանքներուն: Իմ կարծիքով, հեղինակը իր այս հատորով հոգեկան բաւարարութիւն ստացած է, որովհետեւ յաջողած է անաչառ եւ հեղինակային պարկեշտութեամբ, սրտբացօրէն արտայայտել իր համոզումները: Փաստօրէն Կարօ Գույումճեան յաջողած է իր առաքելութեան մէջ:
«ԱԼ ՔԱՊԱՍ» արաբական օրաթերթ 22 Յունիս 2014, Քուէյթ