ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոն շեշտեց Արցախի Հանրապետութեան հետ ազատօրէն հաղորդակցելու դէմ հաստատուած արգելքները վերցնելու կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ նման արգելքներ վնաս կը հասցնեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքներուն։
Փալոն ցաւ յայտնեց, որ Արցախ այցելել փափաքող քոնկրեսականներուն ազդարարութիւններ կը կատարուին, թէ շրջանը վտանգաւոր է կամ թէ Արցախ այցելողները կրնան Ատրպէյճանի տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին վրայ տեսնել իրենց անունները։ Ան յայտնեց, որ նման ազդարարութիւններ կրնան անտեղի կերպով տարհամոզել Արցախ այցելել փափաքող քաղաքացիները եւ գործարարները, այդ պատճառաւ ինք եւ քանի մը գաղափարակից քոնկրեսականներ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութեամբ, 7 Մարտին պաշտօնապէս Քոնկրեսին ներկայացուցած են՝ «Միացեալ Նահանգներ-Արցախ ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան բանաձեւ»ը:
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող բանաձեւը կոչ կ՛ընէ.
– Արտօնութիւն տալու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատարներուն, որ ազատօրէն Արցախ այցելեն.
– Քաջալերելու Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց եւ քաղաքացիական հասարակութեանց միջեւ յարաբերութիւնները.
– Ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան ամբողջական եւ ուղղակի մասնակցութիւնը ԵԱՀԿի առաջնորդած միջնորդական բանակցութիւններուն։
Փալոն շեշտեց, թէ Արցախ իր այցելութիւններուն ընթացքին ականատես եղած է այն իրողութեան, որ Արցախ ունի ժողովրդավարական օրէնքները յարգող եւ յաջողած կառավարութիւն մը, որուն հետ յարաբերութեանց դիմաց Միացեալ Նահանգները կամ այլ երկիրներ արգելք պէտք չէ դնեն:
Նշենք, որ Փալոն քանի մը առիթներով Արցախ այցելած է եւ 20 Սեպտեմբեր 2017ին նաեւ ելոյթ ունեցած էր Արցախի խորհրդարանին մէջ:
«Դարձեալ կը փափաքիմ այցելել Արցախ պայմանաւ, որ Արցախ մնայ անկախ պետութիւն մը կամ եթէ ժողովուրդը հանրաքուէով որոշէ, դառնայ Հայաստանի մէկ մասը։ Սակայն պայման է, որ անիկա հայկական հող մնայ եւ այդ է գլխաւոր նպատակը։ Կը սիրեմ անոր մշակոյթը եւ կը սիրեմ ամէն ինչ, որ հայկական է եւ վերջապէս Արցախ հայութեան եւ հայկական մշակոյթի մարմնացումը կարելի է նկատել», եզրակացուց Փալոն, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն սերտացման համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած արգասաբեր գործունէութեան համար։
Հարցազրոյցը դիտելու համար՝ այցելել https://youtu.be/Gdyx34HcQ6Y կայքէջը։