ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Ակօս», «Արմէնփրէս».- Կիրեսունի համալսարանի նախկին տեսուչ՝ փրոֆ. Այկիւն Աթթար, 16 Մայիս 2017ին Անգարայի դատախազութեան դիմելով բողոք ներկայացուցած էր Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխհամանախագահ եւ Պոլսոյ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ:
Աթթար իր բողոքին մէջ կը նշէր Փայլանի 14 Յունուար 2017ին խորհրդարանի ամպիոնէն կատարած ելոյթը, ինչպէս նաեւ 1 Մայիս 2017ին Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցը: Այդ ելոյթին ու հարցազրոյցին ընթացքին, Փայլան արտայայտուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Խորհրդարանի պատգամաւորներու յանցագործութիւնները հարցաքննող Անգարայի դատախազութեան գրասենեակը Աթթարի բողոքը ուսումնասիրեց, ապա դիմեց արդարադատութեան նախարարութիւն՝ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածին սահմանումով հարցաքննութիւն կատարելու համար:
Նախարարութիւնը այս դիմումին դրական պատասխան տուաւ 7 Դեկտեմբեր 2017ին: Հետաքննութեան ծիրէն ներս, նաեւ Փայլանը իր երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր կազմուած էր:
Դատախազի հարցաքննութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Փայլանի արտայայտութիւնները կը համապատասխանեն 301րդ յօդուածի սահմանումին, որովհետեւ ան հրապարակաւ նախատած է թուրք ազգը, Թուրքիոյ պետականութիւնը, Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութիւնը, եւ անարգած է հանրապետութեան նախագահը:
Դատախազութեան իբրեւ փաստ ընդունուած ելոյթներուն մէջ, Կարօ Փայլան համապարփակ կերպով բաղդատութիւն մը կը ներկայացնէ երկրի այդ օրուան եւ հինգ տարի առաջուան ընդհանուր պատկերին մասին: Ան կը գանգատի մամուլին դէմ գործադրուած ծանր գրաքննութենէն եւ բազմաթիւ թերթերու կամ պատկերասփիւռի կայաններու ապօրինի բռնագրաւումէն: «Հարիւր հազարաւոր պաշտօնեաներ գործազուրկ եղած են: Համախոհական կառավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ սարսափ կը պատճառէ, իսկ քաղաքացիները կը դժուարանան այս բարդութիւնները յաղթահարել: Նախորդ տարի ապրեցանք զինուորական հարուածի մը փորձը: Բազում անգամներ զգուշացուցած էի կառավարութիւնը, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ համերաշխութիւն չտիրէ՝ այս տեսակի միջամտութիւնները հաւանական կը դառնան: Վերջապէս պատահեցաւ չարիքը եւ մենք դարձեալ դաս չենք քաղած», ըսած է ան իր ելոյթներուն ընթացքին։
Փայլան վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ ծպտեալ հայերու խնդիրին, որ իր մեղադրման իբրեւ պատճառ տրուած է: Փայլան կ՛ըսէ. «Այս է իմ քաղաքական աշխատանքին պատճառը: Իմ կուսակցութեան նպատակն է նաեւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու թոռներէն ներողութիւն խնդրել: Ափսոս, որ տակաւին շատ հեռու ենք այդ հանգրուանէն»:
Թուրքիոյ սահմանադրութեան 83րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ, որ յանցանք գործած պատգամաւորը չի կրնար հարցաքննուիլ, ձերբակալուիլ կամ կալանաւորուիլ՝ առանց խորհրդարանին համապատասխան որոշումին: Հետեւաբար, դատախազութիւնը պէտք է յատուկ դիմում ուղարկէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան, որպէսզի վերջինս դիմէ խորհրդարանի նախագահութեան: Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուելէ ետք, հարցը քննարկման կը դրուի յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ, որուն կազմին մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնաժողովներու անդամներ: Յանձնաժողովը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստէ համապատասխան զեկոյց, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստին ժամանակ: Պատգամաւորները իրաւունք ունին ինչպէս յանձնաժողովի, այնպէս ալ խորհրդարանի նիստին հանդէս գալ պաշտպանական խօսքերով: Անձեռնմխելիութենէ զրկուելու պարագային, անոնք կրնան հարցը բողոքարկել սահմանադրական դատարանին մէջ:
Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածով՝ քրէական պատասխանատուութեան կրնան ենթարկուիլ այն մարդիկ, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետութիւնը, թրքականութիւնը, երկրի պետական կառոյցները, զինծառայողները եւ իրաւապահները: Իսկ եւրոպական կառոյցներ այդ յօդուածը կը համարեն «արտայայտուելու ազատութեան դէմ մնայուն սպառնալիք մը»։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար 301րդ յօդուածով հետապնդումներու ենթարկուած էին «Ակօս»ի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքը, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ ուրիշներ:
ՓԱՅԼԱՆ-ՏԵՄԻՐԹԱՇ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մայիս 15ին, Փայլան այցելեց Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին համանախագահ, իսկ այժմ Էտիրնէի մէջ բանտարկուած Սալահետտին Տեմիրթաշին, որ կուսակցութեան կողմէ արձանագրուած է իբրեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու:
Փայլան այցելութեան մասին գրած է. «Էտիրնէի բանտին մէջ այցելեցի նախագահի մեր թեկնածու Սալահետտին Տեմիրթաշին: Ժամերո՛վ աշխատեցանք: Անոր փոխանցեցի հազարաւոր ողջոյններ: Ան եւս բոլորիդ բարեւներ ուղարկեց», աւելցնելով, որ Էտիրնէէն մեծ ոգեւորութեամբ վերադարձած է:
Հայ պատգամաւորը հրապարակած է նաեւ Տեմիրթաշի գրութեան պատճէնը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սիրով ստացայ Կարօ Փայլանէն ինծի փոխանցուած բարեւները: Ձեզի կ՛ուղարկեմ իմ անկեղծ ողջոյններն ու սէրը»: