Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեղադրած է երկրի փոքրամասնութիւններուն` Լոզանի դաշնագիրով նախատեսուած իրաւունքները չպահպանելուն եւ անոնց հանդէպ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելուն համար:
Փայլանի «Թուիթըր»-ի էջը կը հաղորդէ, որ ան քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Յունաստան այցելութեան առիթով արտասանած խօսքը, որուն մէջ Յունաստանի իշխանութիւնները մեղադրած էր իսլամ համայնքին հանդէպ խտրական վերաբերումին համար:
«Կ՛ըսէք` «Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ իսլամները իրենց հոգեւոր առաջնորդը չեն կրնար ընտրել, եւ ատիկա կը հակասէ Լոզանի դաշնագիրին»: Ուրեմն, նկատում մըն ալ իմ կողմէս. Թուրքիոյ հայերը տարիներ շարունակ պետութեան միջամտութեան պատճառով չեն կրնար ընտրել իրենց պատրիարքը: Հոգեւոր դպրոցները կը փակուին, պատրիարքարանը պաշտօնական կարգավիճակ չունի… դեռ թուարկե՞մ», գրած է Փայլան:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Յունաստան այցելելէ ժամեր առաջ յունական «Սայի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Լոզանի խաղաղութեան դաշնագիրը վերանայման կարիք ունի: