ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ելոյթներէն մէկուն մէջ «կեաւուր» բառին գործածութեան գծով դիմեց խորհրդարանի նախագահութեան:
Դիմումնագիրին մէջ Փայլան նշեց, թէ հանրապետութեան նախագահ եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաում կուսակցութեան ղեկավար Էրտողան իր կուսակցութեան 26 Փետրուարի ժողովին ընթացքին, ակնարկելով ոչ իսլամներուն՝ թշնամանք եւ խտրականութիւն բուրող հետեւեալ ելոյթը ունեցաւ. «Կեաւուրի թուրը գողնալով այս ազգը կրնաք ցաւցնել, բայց անոր պայքարելու կորովը չէք կրնար կոտրել»:
Փայլան այս խօսքերուն ակնարկելով՝ ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահը խորհրդարանին երդիքին տակ իրաւունք չունի քրիստոնեայ հասարակութիւնը ատելութեան խօսքերով վիրաւորելու: Խորհրդարանը պէտք է իրեն վիճակուած պատասխանատուութիւնը ստանձնէ եւ կարգի հրաւիրելով՝ պատշաճ կերպով զգուշացնէ զայն, այս տեսակի ելոյթներուն համար:
Կարօ Փայլան դիտել տուաւ, որ «կեաւուր» բառը, ինչպէս Թուրքիոյ պաշտօնական բառարաններուն մէջ ալ գրուած է՝ կը նշանակէ անկրօն մարդ կամ ոչ-իսլամ անգութ մարդ, այս տեսակէտէն ունի ստորնացուցիչ եւ անջատողական բնոյթ, եւ յստակ կերպով ատելութեան արտայայտութիւն է։