ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարան հասցուց Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին կազմակերպած գիտաժողովը արգիլելու հարցը:
Ան խորհրդարանին միջոցաւ հարցապնդում ուղղեց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին՝ պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչ հիմքերով արգիլուած է՝ Կեսարիոյ մէջ, ապա նաեւ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած՝ «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» նիւթով գիտաժողովը:
Հայ պատգամաւորը հետեւեալ հարցումները ներկայացուց.
- Ո՞ր իրաւական հիմքով արգիլուած է «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովը:
- Այս միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենար Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ինչո՞ւ արգիլուեցաւ նախ՝ Կեսարիոյ, ապա Պոլսոյ մէջ:
- Ինչպէ՞ս կրնաք բացատրել անոր մասնակցողներուն, որ գիտաժողովէն միայն ժամեր առաջ եւ առանց որեւէ փաստարկի, կ՛արգիլուի նման հաւաք մը։
- Ձեր կառավարութիւնը ինչո՞ւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին աջակցելու փոխարէն, կը փորձէ արգիլել անոր գործունէութիւնը, որուն նպատակն է զարգացնել երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ համակեցութեան մշակոյթը:
- Արդեօք արգիլելու այս որոշումները տրուած են, որպէսզի չխօսուի՞ Կեսարիոյ եւ անոր շրջակայքին մէջ 100 տարի առաջ գոյութիւն ունեցող բազմամշակութային կեանքին եւ տարածաշրջանին մէջ ապրած հայերուն եւ անոնց ճակատագիրներուն մասին:
Յիշեցնենք, որ գիտաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտէն ետք, երբ անոր մասնակցող բոլոր բանախօսները, թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ աշխարհի տարբեր կողմերէն Պոլիս հասած էին, 17 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:08ին, Շիշլիի համայնքապետարանէն գիտաժողովը արգիլելու վերաբերեալ նամակ մը ժամանած էր հիմնարկին, որուն մէջ որեւէ պատճառ չէր նշուած, թէ գիտաժողովը ինչո՛ւ կ՛արգիլուի: