ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթավերջին Անգարայի եւ Տրապիզոնի մէջ յարձակումներ գործուած էին քրիստոնեաներու գերեզմանատուներուն մէջ 19 գերեզմանաքարերու վրայ, իսկ Տրապիզոնի մէջ գերեզմանի մը վրայ դրուած փայտեայ խաչը հրկիզուած էր։
18 Փետրուարին, հրատարակուեցան մանրամասնութիւններ մասնաւորաբար Տրապիզոնի մէջ պատահածին մասին, որ կը թուի թէ աւելի լուրջ է։ Արդարեւ, չէ մոռցուած, որ Տրապիզոնի մէջ նաեւ սպաննուած էր Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ Սանթորօ քահանան։ Հրկիզուած խաչին պատահարը տեղի ունեցած է Ս. Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից գերեզմանատան մէջ։
Այս մասին 17 Փետրուարին խօսեցաւ նաեւ Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ բացատրութիւններ պահանջեց ներքին գործոց նախարար Սոյլուէն։
Փայլան նախ յիշեցուց, որ Հրանդ Տինք եւ Սանթորօ քահանան սպաննուած էին Տրապիզոնի ոստիկանութեան կողմէ գործածուող հրոսակախումբերու կողմէ եւ հարցուց, որ տակաւին գոյութիւն ունի՞ այդպիսի հրոսակախո՞ւմբ մը եւ պահանջեց յարձակողներուն ինքնութեան բացայայտումը՝ աւելցնելով. «Քանի որ ատելութեան այս յարձակումներուն թիրախները քրիստոնեաներ են, ինչպէ՞ս կարելի է փարատել այն կասկածը, թէ ապահովութեան շրջանակներն ալ աչք կը գոցեն այս յարձակումներուն դիմաց կամ կը կազմակերպեն այդ յարձակումները։