Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով, Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները հետաքննելու եւ նմանատիպ հաւանական սպանութիւնները կանխելու ուղղուած առաջարկ մը:
Կուսակցութեան պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Կարօ Փայլան իր առաջարկին մէջ շեշտած է, որ Հրանդ Տինք ջանքեր կը գործադրէր Թուրքիոյ ժողովրդավարացման եւ ժողովուրդներու համերաշխութեան ու խաղաղութեան համար:
Առաջարկին մէջ յիշատակուած է նաեւ, որ Հրանդ Տինք Աթաթիւրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքճենի մասին յօդուած գրելէն ետք թիրախ դարձած է ազգայնականներուն, իսկ 2005-ին, 301-րդ յօդուածով` անոր դէմ թրքականութիւնը վիրաւորելու մեղադրանքով դատ բացուած է:
«Թուրքիոյ խորհրդարանը պէտք է ուսումնասիրէ Տինքի սպանութենէն ետք տեղի ունեցող զարգացումները եւ նման սպանութիւնները կանխելու համար կամք դրսեւորէ: Այս ծիրին մէջ կը պահանջենք, որ խորհրդարանը անյապաղ ուսումնասիրութիւններու սկսի յիշեալ հարցով», նշած է Կարօ Փայլան: