ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ռուսական քանի մը լրատուական միջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին,յայտնած է թէ Հայաստան կը դիտարկէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու կարելիութիւնը: Ան յայտնած է, թէ Հայաստանի գործողութիւնները ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան:
Փաշինեան նշած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Երեւանի մէջ ընդունելու 9 հոկտեմբերին նախատեսուած ԵԱՏՄ-ի անդամ պետութիւններու միջկառավարական խորհուրդի նիստը: