ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 9 Յուլիսին հանդիպում ունեցաւ արտախորհրդարանական տասնեակ մը քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ՝ «Ազատական» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Բաբայեանի, «Ալեանս առաջադիմական ցենտրիստական» կուսակցութեան առաջնորդ Տիգրան Ուրիխանեանի, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Նորայր Նորիկեանի, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանի, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութենէն Տիգրան Արզաքանցեանի, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Խզմալեանի, Հայաստանի քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեանի, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեանի, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեանի:
Փաշինեան տեղեկացուց, որ քանի մը այլ կուսակցութիւններու հետ ալ նախապէս պայմանաւորուածութիւն եղած է, բայց «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեան Հայաստան չեն գտնուիր։
Ըստ Փաշինեանի՝ այդ առաջին հանդիպումը զուտ կազմակերպչական բնոյթ կը կրէ: «Պէտք է փորձենք մշտական գործող ֆորմատ (ձեւաչափ) ձեւաւորել իմ մասնակցութեամբ եւ արտախորհրդարանական ուժերի ներկայացուածութեամբ: Մենք սա դիտարկում ենք որպէս, այսպէս ասած, մեր հանրային կեանքի, քաղաքական կեանքի, տնտեսական կեանքի օրակարգային հարցերի քննարկման հարթակ ու եթէ կարելի է այսպէս ասել` մտագրոհի տեղ, որտեղ կարող ենք բոլոր հնարաւոր հարցերը քննարկել»:
Հանդիպման միտքեր փոխանակուեցան նոր ձեւաւորուող ձեւաչափի հետագայ գործունէութեան, նիստերու օրակարգերու կազմութեան եւ աշխատակարգին վերաբերեալ:
Որոշուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ղեկավարներու մասնակցութեամբ առաջին նիստը գումարել յառաջիկային։