ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան չի բացառեր, որ ատրպէյճանցիներուն՝ Հայաստանի տարածքը ներխուժման հարցով քայլեր առնէ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին դիմելու ուղիով, եթէ պարզուի, որ ՀԱՊԿի գործիքակազմները կամ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբին վերաբերեալ պայմանագիրի գործիքակազմերը բաւարար չեն այս իրավիճակը եւ հարցը լուծելու համար: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում- պատասխանի բաժինին ընթացքին` անդրադառնալով ԼՀԿի ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի բարձրացուցած հարցին:
«Այս պահի դրութեամբ ՀԱՊԿ գործողութիւնների արագութիւնը մեզ չի բաւարարում, բայց մենք շարունակելու ենք հետեւողականօրէն աշխատել այդ ուղղութեամբ եւ մեր գործընկերների հետ իրավիճակի հետագայ պարզաբանման վերաբերեալ աշխատանքներ իրականացնել, որովհետեւ, ես կարծում եմ, որ այն նախնական մտայղացումը, որ ունի Ադրբեջանը, այս պահի դրութեամբ ես չէզոքացուած չեմ համարում: Պէտք է այդ մտայղացման վերաբերեալ մեր գործընկերները յստակ տեղեկացուած լինեն եւ յստակ դիրքորոշում արտայայտեն», ըսաւ Փաշինեան, որ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ ՀԱՊԿի երկիրները եւ կազմակերպութիւնը յստակ դիրքորոշում չեն արտայայտած, որ Ատրպէյճան պէտք է զօրքերը հեռացնէ: Ընդ որում, աշխատանքային մակարդակի վրայ այդ դիրքորոշումը կը դրսեւորուի, սակայն հրապարակային մակարդակի վրայ՝ ոչ:
Փաշինեանին պատասխանելով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնետթինով դիտել տուաւ, թէ առ ի գիտութիւն ընդունած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի դիմումը։ Ըստ անոր՝ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի յանձնարարութեամբ, համապատասխան աշխատանքը կը շարունակուի: Ան յիշեցուց, որ կառոյցին ընդհանուր փոխքարտուղարը՝ Վալերի Սեմերիքով, յայտարարած էր, թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը պահանջէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկել` առաջին հերթին քաղաքական եւ դիւանագիտական բնոյթի, ինչպէս նաեւ պետական սահմաններու նշեալ հատուածին մէջ իրականացնել սահմանազատում եւ սահմանագծում։