ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:
Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին` վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող մնայուն աջակցութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ Միացեալ Նահանգներուն ունեցած դերակատարութիւնը: Կողմերը անդրադարձան պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին:
Ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ուշադրութիւնը յատկապէս հրաւիրուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութեան վրայ:
Այդ պարունակին մէջ, ամերիկեան կողմը շեշտեց Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ շարունակելու իր դերակատարութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Պլինքըն ընդգծեց Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատեց ժողովրդավարութեան առումով Հայաստանի արձանագրած ձեռքբերումները եւ վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ բարեփոխումներու համար Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի, արդարադատութեան համակարգի եւ ոստիկանութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմի գնահատականներուն եւ բարեփոխումներու մարզին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու պատրաստակամութեան համար: