ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Այս մասին կը յայտնէ վարչապետի աշխատակազմը:
Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը: Հայաստանի վարչապետը անթոյլատրելի նկատեց իրավիճակը լարելու իւրաքանչիւր փորձ եւ նշեց, որ թէ՛Արցախի մէջ եւ թէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Ատրպէյճան կը շարունակէ սադրիչ գործողութիւնները, որոնց պատճառով հայկական կողմը 7 Մարտին ունեցաւ զոհ մը եւ վիրաւոր մը։
Անոնք կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծումը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ, նաեւ՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացումը:
Առանձազրոյցին ընթացքին, ըստ հայկական կողմին տարածած հաղորդագրութեան, զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Փարիզի մէջ «Յաւակնութիւններ` Հայաստան-Ֆրանսա» համաժողովի կիրականացումը եւ յայտնեցին, թէ համոզուած են, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման:
Կողմերը ընդգծեցին, որ փոխվստահութեան եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-ֆրանսական փոխգործակցութիւնը յառաջիկային նոր թափով կը զարգանայ` միացեալ տարբեր նախագիծերու քննարկումով եւ իրականացումով:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ֆրանսական գործարարութեան` հայաստանեան շուկային մէջ ներկայացուածութեան ընդլայնումով: Նախագահ Մաքրոն իր կարգին ընդգծեց բարեկամ Հայաստանի հետ տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ կապերը խորացնելու՝ Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը եւ հետաքրքրուածութիւնը:
Փաշինեան եւ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի ունեցող գործընթացներուն: