ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ, նախ զայն շնորհաւորելով Ռամատանի տօնին առիթով։
Զրուցակիցները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին «Քորոնա» համաճարակին վերաբերեալ իրենց երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարին մէջ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Անոնք երկուստեք ցաւակցութիւն յայտնեցին համաճարակին պատճառով մահացածներուն համար:
Անոնք յայտնեցին, որ մարդկութիւնը պատուհասած այս վտանգին դիմակայելու համար, շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան միասնական ջանքերու գործադրութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին, որ, հակառակ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ ժամանակաւոր սահմանափակումներուն, երկու երկիրները կը շարունակեն առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերու ձեռնարկումը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Հասան Ռոհանի մասնաւորապէս ընդգծեցին առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան նախաճգնաժամային ծաւալներու վերականգնման նպատակով համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւնը` պահպանելով ստեղծուած իրավիճակին պատճառով պարտադրուած սահմանափակումները: