ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարեցին տարածաշրջանային հարցերուն եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրադրութեան:
Փութին ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը եւ վերահաստատեց Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու սահմանագծման գործընթացին: Ընդգծուեցաւ, որ, պայմանաւորուածութեան համաձայն, յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:
«Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հիմնարար եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին նուիրուած քննարկման ատեն կողմերը ընդգծեցին տարածաշրջանային կայունութեան վերաբերող աշխատանքներու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի ենթակառոյցներու զարգացման կարեւորութիւնը», նշեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ըստ կարգ մը հաղորդագրութիւններու՝ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Փաշինեան Փութինին ներկայացուց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի հետ 22 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները: Հայկական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ վարչապետը «մտահոգութիւն յայտնեց հանդիպումէն ետք քննարկումներու էութեան հետ կապ չունեցող մեկնաբանութիւններուն ուղղութեամբ»: