ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորի:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն զարգացման ընթացքին համար եւ նշեց, որ երկկողմանի փոխգործակցութիւնը կը կրէ եռուն բնոյթ: Ան նշեց, որ Հայաստան ներկայիս կը գտնուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի իրականացման փուլին մէջ եւ անդրադարձաւ անոր նպատակներուն:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է տագնապի խաղաղ լուծման՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով, եւ անդրադարձաւ բանակցային կարգաւորման շուրջ իր դիտարկումներուն ու տեսակէտներուն: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Արցախի հասարակութեան ներգրաւումը վստահութեան կառուցման քայլերուն, ինչ որ պիտի նպաստէ կառուցողական մթնոլորտի ձեւաւորման եւ բանակցային գործընթացին:
Հայաստանի վարչապետը եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցերու շուրջ: