ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական կողմը հետեւողականօրէն կը շրջանցէ եւ ընդհանրապէս չի յիշատակեր 1994-ին Պուտափեշթի մէջ կայացած ԵԱՀԿ վեհաժողովին արդիւնքները, ըստ որոնց՝ Արցախ ճանչցուած էր իբրեւ հակամարտութեան կողմ:
Շարունակելով յամառիլ այդ կեցուածքին վրայ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ վերջերս պնդեց, որ Արցախի տագնապի կարգաւորման բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութեան մասին Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը կը խեղաթիւրէ միջազգային իրաւունքի սկբունքները եւ կը հակասէ ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի փաստաթուղթերուն:
Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ Պաքու «պատրաստ է շարունակելու առարկայական բանակցութիւնները՝ առկայ օրակարգին հիման վրայ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջոնորդութեամբ, հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման համար»:
9 Մայիսին Ստեփանակերտ այցելած վարչապետ Փաշինեան ըսած էր, թէ պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները Ատրպէյճանի նախագահին եւ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ, միաժամանակ նշելով սակայն, որ Արցախ եւս պէտք է բանակցութիւններուն լիարժէք կողմ հանդիսանայ:
Սակայն, Հաճիեւ Արցախին հակամարտութեան կողմ ըլլալու գաղափարին դէմ արտայայտուեցաւ՝ պնդելով, որ Հելսինքիի մէջ 1992-ին կայացած ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդին որոշումով՝ հակամարտութեան կողմ ճանչուած են միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, իսկ Արցախի հայկական եւ ատրպէյճական համայնքները ճանչցուած են իբրեւ շահագրգիռ կողմեր: Ան նաեւ յիշատակեց ՄԱԿ-ի բանաձեւերը՝ զանոնք ներկայացնելով զուտ Պաքուի տեսանկիւնէն եւ այնպիսի մեկնաբանութիւններով, որոնք շարունակաբար հերքուած են հայկական կողմէն:
Հաճիեւ նաեւ կրկնեց Պաքուի յայտնի դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ Արցախի հայերը միայն «ներքին ինքնորոշման իրաւունք ունին՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս», միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ «Հայաստանի քաղաքական նոր ղեկավարութիւնը չի կրկներ իր նախորդներուն սխալները եւ դիւանագիտական առողջ քաղաքականութիւն կը վարէ՝ ձգտելով քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ հաստատել դրացի երկիրներու հետ»:
Աւելի ուշ, մէկ այլ մեկնաբանութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը՝ ըսելով, որ բանակցութիւններու ձեւաչափը արդէն հաստատուած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ, եւ այդ բանակցութիւններուն կողմերը Հայաստանն ու Ատրպէյճանն են, իսկ միջնորդները՝ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան:
«Մենք կը հաւատանք, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին այդ ձեւաչափով եւ քննարկուելիք հիմնական հարցերը պիտի վերաբերին տարածքներու շուտափոյթ ազատագրման», աւելցուց Խալաֆով, բանակցութեանց ձեւաչափը փոխելու փորձերը «ոչ իրատես» եւ «անհեթեթ» որակելով։
Յիշեցնենք, որ Արցախ դադրեցաւ հանդէս գալու իբրեւ բանակցող կողմ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան օրերուն: