ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները աշխոյժ կերպով կը զարգանան։ Այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն վերաբերեալ տարեկան զեկոյցի ներկայացման աւարտին՝ պատգամաւորներուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին:
Փաշինեան, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակին՝ ըսաւ. «Ես օրերս եմ հեռախօսազրոյց ունեցել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի հետ. մեր երկու երկրներն ունեն շատ լաւ յարաբերութիւններ, դրանք դինամիկ (կենսունակ-Խմբ.) զարգանում են»: