ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Փելա սարի հատուածին մէջ սահմանապահ զօրքերը ծառայութիւն սկսան իրականացնել Դեկտեմբեր 2020էն, եւ «ինչ դիրքերում եղել ենք, այսօր շարունակում ենք մնալ», հաստատեց Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան՝ կառավարութիւն հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին:
«ԱԱծ սահմանապահ զօրքերի հրամանատարը երէկ Ազգային ժողովում պատգամաւորներին պարզաբանում է տուել եւ արձանագրել է, որ որեւէ դիրքային փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել, եւ ինչպէս 2020 թուականի Դեկտեմբերին, սահմանապահ մեր ծառայութիւնը ծառայութիւն է իրականացնում այն դիրքերում, որոնք եղել են նաեւ նախկինում», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Փելա սարի հատուածին մէջ ատրպէյճանական ուժերու յառաջխաղացքին մասին Կապանի համայնքապետին եւ սիւնեցի ընդդիմադիր պատգամաւորին պնդումներէն օրեր ետք միայն յայտարարութիւն տարածեց` պնդելով. «Փելա սար կոչուող տարածքում դիրքային փոփոխութիւն տեղի չի ունեցել, եւ ՀՀ սահմանապահ զօրքերը շարունակում են իրականացնել պետական սահմանի պահպանութիւնը նշուած հատուածում»:
Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան աւելի կանուխ ըսած էր, թէ սարը դեռ Դեկտեմբերէն տրուած էր, եւ այս ընթացքին տեղւոյն վրայ հսկողութիւն կը կատարեն ռուս սահմանապահները: Բայց վերջերս, ըստ քաղաքապետին, իրեն համար անյայտ պատճառներով, ռուսները իջած են ռազմավարական բարձունքէն, եւ վերահսկողութիւնը անցած է Ատրպէյճանին։