Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարականը միայն ժողովուրդի պահանջին հաւաստի արդիւնքներու հիման վրայ պատրաստ պիտի ըլլայ ներկայացնելու հրաժարականը: Փաշինեան աւելցուց՝ քանի տակաւին տեղի չէ ունեցած նման պահանջ, պիտի շարունակէ վարչապետի իր պարտականութիւնները:
Դիմատետրի իր էջին մէջ Փաշինեան գրած է.« Այս օրերուն, բացի սահմանային անվտանգութենէն, մենք կ’առերեսուինք տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներու հետ: Յայտնի շրջանակները տեղեկատուական ահաբեկչութեան իսկական գործընթաց մը սկսած են Հայաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդին դէմ: Այս ամենատարբեր սուտ եւ կիսասուտ տեղեկութիւններուն նպատակն է խորացնել ժողովուրդին մէջ տագնապի զգացումը, խուճապ ստեղծել:
Ինծի տրուած կարգավիճակէն կրնամ հրաժարիլ միայն ժողովուրդին կամարտայայտման հաւաստի արդիւնքներու հիման վրայ: Քանի տակաւին տեղի չէ ունեցած նման կամարտայայտութիւն, պիտի շարունակեմ կատարել վարչապետի պարտականութիւններս». գրած է Փաշինեան
Վարչապետ Փաշինեան նաեւ անդրադարձած է Արցախի սահմաններուն վերաբերեալ տարածուող ապատեղեկութիւններուն: Ան մաղթած է, որ հանրութիւնը կը յաջողի ճիշտ տեղեկութիւնը զանազանել սուտ տեղեկութիւններէն: