Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նպատակայարմար չի գտներ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, վարչապետը կը պարզաբանէ արտահերթ ընտրութիւններու դէմ իր պատճառները:
«Ինչո՞ւ օրինակ, ճիշդ հիմա արտահերթ ընտրութիւններ հնարաւոր չեն կամ չ’արժեր ընել: Պարզ պատճառով, որովհետեւ արդէն ըսի՝ կայ գերիներու չլուծուած հարց, կան որոնողական աշխատանքներ, որոնք ահաւոր դժուար կ’ընթանան եւ հասկնալի պատճաներով, որոնց մէջ՝ Հայաստանի ներքին իրավիճակը լարելու համար Ազրպէյճանը անընդհատ խոչընդոտներ կը ստեղծէ այդ աշխատանքներուն համար: Իսկ արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին քարոզարշա՞ւ տեղի պիտի ունենայ: Հապա այդ հարցերը ին՞չ պիտի ըլլան: Ո՞վ պիտի զբաղի այդ հարցերով». յայտնած է Փաշինեան:
Անդրադառնալով իր հրաժարականի վերաբերեալ կոչերուն եւ յայտարարութիւններուն, Փաշինեան նշած է՝ հայ ժողովուրդը իշխանութիւնը ի պահ տուած է իրեն: