ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Մոսկուայի մէջ, 7 Ապրիլին տեղի ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ գերիները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին:
Բարձր գնահատելով Փութինի անձնական ներդրումը Արցախի մէջ զինադադար հաստատելու գործին մէջ՝ Փաշինեան աւելցուց, թէ շատ կարեւոր հարց մը կայ, որ մինչեւ հիմա լուծուած չէ եւ այդ մէկը՝ «ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու հարցն է»:
Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ այդ հարցին լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահին հետ տարակարծութիւններ չկան:
Հանդիպումէն առաջ, ան նաեւ յայտնած էր, որ Փութինին պիտի առաջարկէ քննարկել Հայաստանի մէջ նոր հիւլէակայան կառուցելու հնարաւորութիւնը:
Համաճարակին դէմ պայքարին մասին քննարկումին ընթացքին, Փութին հաւանական համարեց, որ Ռուսիա Հայաստանին ապահովէ անհրաժեշտ քանակութեամբ ռուսական «Սփութնիք» պատուաստներ: