Այո՛, հակառակ շարունակուող պատերազմին, հակառակ գաղութը կրծող արտագաղթին, եւ հակառակ կեանքը դժուարացնող առօրեայ անթիւ-անհամար զրկանքներու, Հալէպ դեռ կրնայ զարմացնել շատերը՝ իր նշանակալից իրագործումներով…։
Այս անգամ ալ, ահաւասիկ, դէմ յանդիման ենք Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ լոյս ընծայուած պատկառելի ու ծանր հատորի մը, որուն մէջ երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) բովանդակութեամբ հանրութեան կը ծանօթացուի ՈւրՖայի նշանաւոր ասեղնագործութիւնը։
Հատորը պատրաստուած է արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանի կողմէ, որ իսկական մասնագէտ մըն է այս կալուածին մէջ։ Գրքին առաջին երեսուն էջերը մեզի կը խօսին ՈւրՖայի ասեղնագործութեան մասին, իսկ մնացեալ 260 էջերը գունատիպ վերարտադրութիւններն են այդ հմայիչ ու զմայլելի ձեռային արուեստի հետաքրքրական մէկ հաւաքածոյին։
Հատորը թղթատողը կ՛ապրի տեսողական խրախճանք մը՝ ի տես հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ ստեղծուած այս հրաշալի իրագործումներուն։
Հինգշաբթի օր, Դեկտեմբեր 11-ին, Հալէպի մէջ Ազգ. Առաջնորդարանը պիտի սարքէ սոյն նորատիպ հատորին նուիրուած շնորհանդէս մը, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն զանազաններ։
Այս պատուաբեր իրագործումը ողջունելու հրաւիրուած են բոլոր հալէպահայերը, ի մասնաւորի՝ ուրՖացիները, իրենց հայրենակցական զոյգ միութեանց անդամներով…։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ