ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Փառուխի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ նոյնը: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան: «Այսինքն՝ ինչ տեղեկատուութիւն տրամադրուել է, այդ առումով փոփոխութիւն չի եղել», յայտնեց ան՝ դիտել տալով, որ ճիշդ է, թէ Քարագլուխը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունք է:
Ըստ Արման Սարգսեանի՝ շաբաթավերջին որեւէ բախում չէ արձանագրուած Արցախի մէջ, բայց որեւք պահու կրնայ լարուածութիւնը սաստկանալ: «Մեր խաղաղութիւնը փխրուն է, եւ այս պահին աշխարհում տեղի ունեցող իրադարձութիւններով պայմանաւորուած՝ չի բացառւում, որ որեւէ պետութիւն փորձի ապակայունացնել իրավիճակը», աւելցուց ան: