ՆՈՒԱՐԴ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ-ՄԱՏՈՅԵԱՆ
Ո՞վ Ծախեց եւ Ինչպէս Ծախուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
Նախ յիշենք, որ Հայ Դատը՝ պատմական իրաւունքի վրայ հիմնուած
պահանջատիրութեան հարցը, Հայաստանի արտաքին
քաղաքականութիւն մտաւ1998 թուականի պետական յեղաշրջումէն ետք:
Երբ 1998 թ. Սեպտեմբեր 25-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր նստաշրջանին
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ելոյթ ունեցաւ Ռ. Քոչարեանը:
Այդ ելոյթը, հայ հասարակութիւնը եւ յատկապէս Սփիւռքը,
ընդունեցին բուռն ծափահարութիւններով:
Առանց տեղեակ ըլլալու քաղաքական նրբութիւններուն:
Երբ յետագայ տարիներուն ՄԱԿ-ի օրակարգ չմտաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Այլ պարզապէս արդիւնքը եղաւ այն՝ որ Թուրքիան հիմք ունեցաւ
սեղանին դնելու Ցեղասպանութեան «լինել-չլինելու»
հարցը:
Եւ այդ հիմքին վրայ, առաջարկեց ստեղծել
«Պատմաբաններու Յանձնաժողով» ը:
Ս. Սարգսեան չվարանեցաւ այդ առաջարկին տակ
դնելու Հայաստանի ստորագրութիւնը:
Այն ինչ քաղաքական իմաստով ուրիշ բան չէր,
քան Հայոց Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնելու
եւ ուրանալու փաստն էր:
Այլ խօսքով, Հայ-Թուրք Յանձնախումբերու ստեղծումը
կը նշանակէր՝ Ցեղասպանութեան ուրացում:
Ահա թէ ինչու, թուրքը յամառօրէն չէր հրաժարեր Հայոց Ցեղասպանութեան
իր ուրացման քաղաքականութենէն:
Մի՞թէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը
վիճելի հարց էր:
Երբ գոյութիւն ունին Հայոց ցեղասպանութեան կենդանի զոհերը,
աշխարհով մէկ սփռուած հայութիւնը, որ կը պայքարի տիրանալու իր
հայրենական հողերուն:
Հոն ուր հիւսուած է իր նախնիներուն դարաւոր պատմութիւնը:
Ի՞նչ քննարկումի կարելի է ենթարկել 20-րդ դարասկզբին
Երիտթուրքերու գործադրած մեծ ոճիրը:
Երբ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի
վկաներուն՝ աշխարհի չորս ծագերուն
ապաստան գտած, բռնագաղթուած հայութեան
յետնորդներուն գոյութեան փաստը,:
Միթէ՞ այս չէ կենդանի ապացոյցը հասկնալու համար,
թէ ինչու՞ եւ ինչպէս պարպուեցաւ երեք միլիոն բնակչութիւն
ունեցող Արեւմտահայաստանը:
Ո՞ւր գացին, ինչպէս չքացան Օսմանեան լուծին տակ ջարդի
ու կոտորածի ենթարկուած հայ ժողովուրդը:
Մ՞իթէ թուրք պատմաբաններուն խեղաթիւրած պատմութիւնը
պիտի որոշէր, թէ որքանով ճիշդ է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
Ահա թէ ինչու Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ծալքերուն,
անցնող տասնամեակներու քաղաքական իրադարձութիւններուն,
դէպքերուն եւ իրողութիւններուն անտեղեակ մէկը, չի կրնար
հասկնալ թէ անցնող տարիներուն ինչպէս ծախուեցաւ Հայոց
Ցեղասպանութեան հարցը:
Սերունդները պէտք է իմանան, թէ Հայ Դատը իր բարւոք լուծումը
կրնայ գտնել, երբ ծանրանայ Հայաստանի քաղաքական կշիռը:
Հայ Դատը՝ ժողովուրդի մը ոտնահարուած իրաւունքներու հարցն է:
Հայ Դատը կ՜ապրի, կայ եւ արդար լուծում կը պահանջէ…: