Թուրքիոյ «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան» նախաձեռնութեամբ` Սայաթ- Նովայի 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս` պիտի ցուցադրուի Սերկէյ Փարաջանովի «Նռան գոյնը» շարժանկարը: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Հայ մեծ աշուղին նուիրուած ձեռնարկները եւ շարժանկարի ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենան Դեկտեմբեր 25-ին:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայն անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ կը նախատեսուի գիրք հրապարակել նուիրուած հայկական երաժշտութեան մեծագոյն գուսան Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններուն: