Փարիզի 2024 թուականի Ողիմպիական խաղերուն բացումը Սէն գետին վրայ պիտի կատարուի:
«Լը Ֆիկարօ» թերթին համաձայն, բացման արարողութեան պիտի մասնակցին վեց հարիւր հազար մարզասէրներ: Մասնակցող խումբերը յատուկ նաւերով պիտի թիաւարեն գետին երկարութեան:
Բացման արարողութիւնը ուղիղ հեռարձակումով պիտի դիտէ մէկ միլիառ մարդ:
Փարիզի մէջ նախատեսուած ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերը 26 յուլիսէն 11 օգոստոս 2024-ի միջեւ պիտի կայանան: Փարիզ այն բացառիկ քաղաքներէն, որ երրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ Ողիմպիական խաղերը: Առաջինը կայացած է 1900 , երկրորդը՝ 1924 թուականներուն: